2012-04-17 16:24:36

Իսրայելի Գիւղատնտեսութեան ու Գիւղական Զարգացման Նախարարը Ծիծեռնակաբերդի մ էջ Խօսեցաւ ՝՝Հայերու ու Հրեաներու Պատմութեան Նմանութեան Մասին՝՝։


Իսրայելի Գիւղատնտեսութեան եւ Գիւղական Զարգացման նախարար Օրիթ Նոգեդ-ի գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ապրիլ 16-ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ Զոհերու Յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը:
Նախարարը Ծաղկեպսակ դրաւ եւ Անմար Կրակի մօտ յարգեց անմեղ զոհերու Յիշատակը: Նախարարը ՀՀ Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի տնօրեն Հայկ Դեմոյանի ուղեկցութեամբ շրջեց Հայոց Ցեղասպանության թանգարան-Հիմնարկը, ծանօթանալով ցուցանմուշներուն: «Որպէս կին, որպէս հրեայ եւ որպէս մարդ արարած` ես ցնցուած եմ այս նկարները տեսնելով՝որոնք կը ներկայացնեն անմեղ հայ մարդկանց եւ ընտանիքներու սպանութիւնները ՝՝ գրած է Նախարար Օրիթ Նոգեդ Թանգարան-Հիմնարկի Յուշամատեանանին մէջ։ Ապա Իսրայէլի Գիւղատնտեսութեան նախարարը Յիշատակի Պուրակին մէջ ջուր տուաւ արդէն տնուած Եղեւնիին։
Հայ եւ Հրեայ ժողովուրդներու ճակատագրերու միջեւ Տիկին Նոգեդ ընդհանրութիւններ տեսած է ։: «Մենք նման ենք պատմութեամբ, բնաւորութեամբ, նաեւ անով՝, որ որպէս ժողովուրդ փոքրաթիւ ենք,եւ ունինք համայնքներ արտերկրի մէջ »ըսած է Նախարարուհի Նոգեդ -ի հետ զրոյցի ընթացքին։ Ապա յիշած է որ Իսրայելի մէջ կայ շուրջ տասնհինգ հազարանոց Հայ Համայնք մը ։
Աւելի քան 20 երկիրներ ճանչցած ու դատապարտած են 20-րդ դարասկզբին Օսմանեան Թուրքիայի կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը : Իսրայելը թերեւս այդ երկրներու շարքին չի դասուիր: Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Քննեսեթի մէջ առաջին անգամ խօսուեցաւ 2007թ.: «Լիկուդ» եւ «Մերեց» խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները բազմիցս նշած են Իրայելի ժխտողականութեան վերջ դնելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութիւնը :








All the contents on this site are copyrighted ©.