2012-04-17 13:49:47

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲԸ ԵՒ
ՏՐԴԱՏ Ա. (53-100)


Արշակունիները պարթեւ ազգի կը պատկանէին եւ կ՛իշխէին արդէն Պարսկաստանի եւ Միջագետքի վրայ Քրիստոսէ առաջ մօտ 200 թուականէն սկսեալ։ Առաջին թագաւորի անունը Արշակ ըլլալով` անոնք կոչուեցան Արշակունեաց տոհմ, կամ Արշակունեաց հարստութիւն։ 53 թուին` Պարթեւները վտարեցին Հայաստանի վրացի թագաւորը` Հռադամիզդ եւ անոր տեղը թագաւոր բարձրացուցին (Հայոց գահին վրայ) պարթեւ թագաւորի եղբայրը` Տրդատ Առաջին։
Պատերազմ Տրդատի Հռոմի դէմ
Անշուշտ Հռովմայեցիները չկրցան ընդունիլ Պարթեւներու այս միջամտութիւնը հայակական քաղաքականութեան մէջ եւ 58 թուին դիմեցին պատերազմի։ Այս անգամ Կորբուղոն անունով նշանաւոր զօրավարն էր հռովմէական 5 լէգէոններու առաջնորդը։ Առաջին բախումը տեղի ունեցաւ Կարինի մօտ ( այժմու Էրզրումը ). Տրդատ քաջարի դինմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ կրցաւ նոյնիսկ պարտութեան մատնել առաջին բանակը, որու հրամանատարն էր Պակտիոս, Կորբուղոնի տեղակալը։ Կորբուղոն կաշառեց վրացիները, որոնք իր կողմն անցնելով` հիւսիսէն յարձակեցան Հայաստանի վրայ։ Այս անգամ Տրդատ ստիպուեցաւ նահանջել եւ թշնամիները հասան մինչեւ Արտաշատ մայրաքաղաքը զոր Կորբուղոն գրաւեց եւ այրեց ամբողջովին։
Պատերազմ եւ հաշտութիւն ընդմէջ Տրդատի եւ Կորբուղոնի։
Կորբուղոն աւերեց Հայաստանը եւ նահանջեց միայն որովհետեւ պարենաւորման հարց մը ծագած էր իր զինուորներուն համար։ 62 թուին, ան աւելի մեծ բանակով մը եկաւ Հայաստան, զայն վերջնականապէս նուաճելու համար. Իրեն միացած էին նաեւ Պոնտացիները։ Սակայն այս անգամ Հայերուն միացան Պարթեւները եւ Խարբերդի մօտերը պարտութեան մատնեցին Հռովմէական բանակը։ Մինչ Կորբուղոն կ՛ուզէր շարունակել պատերազմը, Հռոմի կայսրը` Ներոն, որ աւելի խաղաղութեան կողմնակից էր, թելադրեց հաշտութիւն եւ դաշինք։ 5 տարուայ պատերազմներէ ետք երկու կողմերն ալ յոգնած էին եւ հաշտութիւն մը երկու կողմերուն ալ օգտակար էր։
Հռանդէայի դաշինքը
Հռանդէայի մէջ, ուր տեղի ունեցած էր վերջին ճակատամարտը, Կորբուղոն եւ Տրդատ ողջագուրուեցան եւ հետեւեալ պայմաններով իրարու հետ դաշինք կնքեցին. Հռոմ կ՛ընդունէր Տրդատ Ա.ը որպէս Հայաստանի թագաւոր. Իսկ Տրդատ ալ` իր կարգին կ՛ընդունէր Հռոմի գերիշխանութիւնը։ Որպէս խորհրդանիշ այս հաշտութեան, Տրդատ իր արքայական նշանները եւ թագը պիտի դնէր Ներոնի մէկ արձանին ոտքը եւ ապա` Հռոմի մէջ` զանոնք ետ պիտի ստանար նոյնինքն Ներոնի ձեռամբ։ Կայսրը ընդունեցաւ այս պայմանները եւ հրաւիրեց Տրդատը իր շքախումբով Հռոմ գալու։
Տրդատ Ա. Հայաստանի թագաւոր կը հռչակուի Ներոն կայսեր կողմէ (63)
Նշանաւոր է եւ պատմական Հայոց թագաւորի մուտքը Հռոմ եւ Ներոնի կողմէ անոր թագադրութիւնը. Փառաւոր տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Հռոմի մէջ եւ զանազան խաղեր կրկէսին մէջ (Colosseo), ուր Տրդատ թագաւորը ցոյց տուաւ իր ուժը, վայրի անասուններուն դէմ պայքարելով։ Ապա Ներոն կայսրը դրաւ թագը Տրդատ Ա.-ի գլխուն վրայ եւ զինք Հայաստան ղրկեց մեծ պատիւներով. 50 միլիոն սեսդերս տուաւ ու նաեւ բազմաթիւ հռովմայեցի ճարտարապետներ ու բանուորներ, վերաշինելու համար Հայաստանի Մայրաքաղաքը եւ քանդուած բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.