2012-04-17 16:23:26

ԱՄՆի Եպիսկոպոսները Զօրաշարժի Կը Հրաւիրեն Աշխարհականները, ՊաշտպանելուՀամար Կրօնական Ազատութիւնը։


Իրենց այս կոչով, հրապարակուած 12 ապրիլ 2012-ին,, ամերիկացի եպիսկոպոսները կը խնդրեն աշխարհականներէն դիմադրել անարդար օրէնքներուն, որ Օպամայի վարչաձեւը մտադիր է վաւերացնել։
Հրաւէր-վաւերագիրը ունի որպէս տիտղոս ''Մեր առաջին ու կարեւորագոյն ազատութիւնը. յայտարարութիւն մը կրօնական ազատութեան ի խնդիր''։
Այս փաստաթուղթը աշխատասիրուած է ամերիկացի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն, կրօնական պաշտպանութեան համար։ Եպիսկոպոսները կ'ընդգծեն որ կրօնական ազատութիւնը թիրախ եղած է թէ՝ մեր տան մէջ եւ թէ՝ այլուր։ Եւ կը հրաւիրեն հաւատացեալները յատուկ կերպով աղօթելու՝ պահպանելու համար քրիստոնէական թէ ամերիկեան ազատութեան ժառանգութիւնը։ Եպիսկոպոսները կը մատնանշեն որ դաշնակցային կառավարութեան յայտագիրը կ'ուզէ պարտադրել հիւանդապահներուն, հակառակ իրենց կամքին, կիրարկումը՝ հակայղութեան, ամլութեան ու վիժումի դեղերուն, ինչպէս նաեւ՝ պարտադրել եկեղեցական առողջապահական կեդրոններուն որ դիւրնցնեն ու ֆինասաւորեն այն արտադրանքները որ հակառակ են իրենց բարոյական ուսուցումին։ Եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ կը դատապարտեն քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքը, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, հաստատելով՝ որ նահատակութեան դարաշրջանը տակաւին վերջ չէ գտած։ Եպիսկոպոսները կը խնդրեն արտգործ նախարարութեան պատասխանատուներէն ու կաթողիկէ միջազգային ցանցերէն որ աշխատին կրօնական ազատութեան ի խնդիր։









All the contents on this site are copyrighted ©.