2012-04-17 16:24:22

՜՜Կուրճիէֆ՝՝ Համոյթի Ելոյթը Հռոմի Մէջ


Ի Յիշատակում՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին, Ապրիլեան Նահատակաց տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս, Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանը եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը, մասնակցութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յանձնախումբին ու հայ մշակողթի ու վաւերագրումի կեդրոնին, կազմակերպած են երեկոյթ մը՝ Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 22 Ապրիլի ժամը 20-ին։
Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենայ ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ի անուան հայկական ժողովրդական գործիքային նուագախումբը։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութիւնը,
Յայտագիրը կը բովանդակէ արեւելեան աւանդական նուագային գործիքներու համար հայկական ժողովրդական կտորներ ու սրբազան երգեցողութիւն, որոնց նուագաւորումը կատարած է Լիբանահայ արուեստագէտ Լեւոն Էսքենեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.