2012-04-16 13:31:47

Վատիկանը Կը Ներկայացնէ՝ Ուղղութիւններ Կամաւորութեան Մասին.


''Սրբազան Քահանայապետը ու եւրոպայի կամաւորները'' վերտառութեամբ հատորով։
Վատիկանի ''մէկ Սիրտ'' բարեսիրական մարմինը, հանրութեան ներկայացուցած է ''Սրբազան Քահանայապետը ու Եւրոպայի կամաւորները'' 60 էջնոց հատորը։ Անիկա պտուղն է 2011-ին նոյեմբեր ամսոյն մէջ կատարուած ժողովին, որուն մասնակցեցան Եւրոպայի եպիսկոպոսները ու Եւրոպայի կամաւորներու մարմնի պատասխանատուները։ Հատորը ներկայացուց կարտինալ Սարահ` նախագահը ''Մէկ Սիրտ'' քահանայապետական բարեսիրական խորհուդին. անիկա կը ներփակէ, Պենետիկոս ԺԶ Քահանայապետի կատարած՝ գլխաւոր միջամտութիւններն ու ճառերը ՜՜կամաւորութեան՝՝ մասին։
Կամաւորութիւնը լաւագոյն ձեւն է եղբայրսիրութեան կիրակումին։ Անոր արմատը կը գտնենք, (կը յիշեցնէ Սրբազան Քահանայապետը) քրիստոնէական այն ձգտումին մէջ, որ կ'աշխատի անվերապահ կերպով պահպանել արժանաւորութիւնը՝ իւրաքանչիւր անհատին, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.