2012-04-16 13:32:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ծննդեան 85-րդ Տարեդարձին Առթիւ՝ Աշխարհի Չորս Ծագերէն Երկար Կեանքի Ու Արեւշատութեան Բարեմաղթութիւններ Կը Հասնին Վատիկան։


Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի՝ Ս. Աթոռի բանբերը ու Ռատիովատիկանի ընդհանուր Տնօրէնը, իր շաբաթական խմբագրականին մէջ կը գրէ. ՜՜երախտագիտութիւն Սրբազան Հօր հաւատքին, ոյժին ու ազնուութեան համար՝՝։
Եկեղեցին ցնծութեամբ կը տօնախմբէ այսօր 16 ապրիլին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ծննդեան 85-րդ տարեդարձը։ Համայն աշխարհէն բարեմաղթութիւններ կը հասնին։ Բարեպատեհ ու գեղեցիկ առիթ մը՝ որ կը կանխէ քահանայապետ ընտրուելուն 7-րդ տարեդարձին։ Այս առթիւ Հայր Լոմպարտի նախ կ՝արտայայտէ իր երախտագիտութեան զգացումները ՜՜Տիրոջ՝՝ որ նման Քահանայապետ մը տուած է իր Եկեղեցւոյ համար, որ կ'առաջնորդէ ՜՜Եկեղեցին՝՝ մեծ զօրութեամբ, ազնուութեամբ ու հաւատքով,որը հետեւաբար աստուածային պարգեւ մըն է. ապա հիացում կը յայտնէ որ՝ Սրբազան Քահանայապետը հակառակ իր յառաջացած տարիքին, մեծ իմաստութեամբ ու նուիրումով կ'առաջնորդէ Եկեղեցին եւ կարող ենք հաստատել որ Սրբազան Հայրը այս եօթը տարիներուն ընթացքին սքանչելի բաներ կատարեց։ Աղօթքս է (կը գրէ Հայր Լոմպարտին) որ Նորին Սրբութիւնը շարունակէ քաջութեամբ հովուել իր եկեղեցին, Աստուծոյ փառքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.