2012-04-16 13:37:29

Մահացած՝ Ամերիկահայ Օփերայի Յայտնի Երգչուհի Լիլի Չուքասեան։


Անցնող Երեքշաբթի, 90 տարեկանին մահացած է ամերիկահայ օփերայի երգչուհի, “բացառիկ Գոնթրալթօ” Լիլի Չուքասեան: Այս մասին կը յայտնէ The New York Times:
Լիլիան Չուքասեան ծնած էր Չիքակօ, 1 Օգոստոս 1921-ին` հայ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Տաղանդաւոր աղջիկը իր առաջին ելոյթը ունեցած է “Hymns of All Churches” ռատիո ներկայացման մէջ:
Չուքասեան մօտ քառորդ դար եղած է Նիւ-Եորքի Մեթրոփոլիթէն Օփերայի մեներգչուհին` հանդէս գալով 290 անգամ` 1962-1986: Ան նաեւ հանդէս եկած է իբրեւ աշխարհի բազմաթիւ առաջնակարգ նուագախումբերու մենակատար: Քննադատները Չուքասեանը “իսկական Գոնթրալթօ” հռչակած են:
Անոր լաւագոյն դերերգերէն էին` Լա Սիեցան` Պոնկիելիի “Լա Ճոքոնտա” օփերայէն, Մատամ Ֆլորան` Ճանգարլօ Մենոթիի “Մետիում” օփերայէն, Ամներիսը` Ճուզեփփէ Վերտիի “Այտա” օփերայէն, Էրտան` Վակնըրի “Ռէյնի ոսկին” օփերայէն, Մամա Լուչիան` Մասգանիի “Քավալլերիա Ռուստիքանա” օփերայէն , եւ Ագալդիսան` Վինչենցօ Պելլինիի “Նորմա” օփերայէն:
Ան ունէր երեք զաւակներ, 11 թոռ եւ 8 ծոռ:








All the contents on this site are copyrighted ©.