2012-04-16 13:34:10

Իտալիա- ՜՜ Մոռցուած պատմութիւնը... Հայ ժողովուրդը՝՝ Բնանիւթով Դասախօսական Հանդիպում Կրօսսէթոյի Մէջ։


Նախաձեռնութեամբ՝ ՜՜Soroptimist Club՝՝ միջազգային միութեան իտալական բաժնին, Կրօսսէթօ քաղաքի՝ ՜՜Տանթէի՝՝ նուիրուած հրապարակը գտնուող՝ Aldobraնdeschi պալատի Pegaso սրահին մէջ, շաբաթ 14 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը ՜՜ Մոռցուած պատմութիւնը... Հայ ժողովուրդը՝՝ նիւթին մասին, որուն ընթացքին խօսք առաւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահը՝ տիար Ռոպէր Աթթարեան, որ շեշտը դրաւ մարդկային իրաւունքներու ու հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքին վրայ ։ Երեկոյթը կը վարէր Տիկ. Աննա Մարիա Պրիկանթի նախագահուհին Soroptimist ընկերակցութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.