2012-04-14 12:15:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Թրեվիրի Թեմի Առաջնորդին, Յիսուսի Նուիրական Պատմուճանի Ցուցադրութեան Առթիւ։


Իր պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. այս օրերուն Գերմանիոյ Թրեվիրի թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ'ունենայ Յիսուսի նուիրական պատմուճանի ցուցադրութիւնը, անոր առաջին հրապարակային յայտնումէն ճիշտ 500 տարի ետք,
զոր կատարած էր արքեպիսկոպոս Ռիչար վոն Գրէյֆընգլօ, Մաքսիմիլիանոս կայսեր խնդրանքին վրայ։
Այս առթիւ, կը կարդանք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի պատգամին մէջ,''Ես եւս, որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը, մտքով կը միանամ ու կը մասնակցիմ Թրեվիրի նուիրական պատմուճանի ուխտագնացութեան, իմ աղօթքս երաշխաւորելով թեմի կղերին ու բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են ուխտագնացութեան բացման''։
Յովհաննէս աւետարանիչը, նկարագրելով՝ պատմուճանը կը գրէ. ՜՜առանց կարի մէկ կտոր հիւսուած էր վերէն վար։ Մահապարտներու հագուստները` պատիժը գործադրող զինուորներուն կը տրուէր իբրեւ աւար։ Անոնք իրարու ըսին. ''չպատռենք զայն, այլ` վիճակ ձգենք թէ որու պիտի ելլէ''։
Այսպէս կատարուեցաւ Գիրքը, որ կ'ըսէ. ՜՜Հագուստներս բաժնուեցան եւ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին՝՝։ Եկեղեցւոյ Հայրերը այս անցքով կը տեսնեն Եկեղեցւոյ միութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անիկա հիմնուած է Յիսուսի սիրոյ վրայ որպէս մէկ եւ անբաժան հասարակութիւն։ Նուիրական պատմուճանը տեսանելի կը դարձնէ այդ միութիւնը։ Փրկչին սէրը կը միաւորէ այն ինչ որ բաժանուած է։ Եկեղեցին բազմութեան միութիւնն է։ Քրիստոս չի ջնջեր մարդոց բազմազանութիւնը, այլ զայն մէկ կը դարձնէ, քրիստոնեաները` մէկը միւսին եւ ուրիշներու հետ, կը դառնան, իրենց զանազանութեան մէջ, միջնորդները դէպի Աստուած։
Թրեվիրի յոբելենական ուխտագնացութիւնը ունի որպէս բնաբան Տիրոջ աղօթքը ''Դէպի միութիւն առաջնորդէ այն ինչ որ բաժնուած է''։ Տիրոջմէն հայցենք (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) որ առաջնորդէ մեր քայլերը հաւատքի կատարեալ միութեան, որպէսզի փոթորկալից այս ժամանակներու մէջ միասնաբար զարգանանք հաւատքին մէջ, աղօթքին մէջ եւ վկայութեան մէջ ու միաբերան հռչակենք անոր մեծվայելչութիւնը ու բարութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ իր առաքելական օրհնութիւնը տալով բոլոր անոնց՝ որոնք տօնական շաբաթուան մէջ, կը մասնակցին նուիրական պատմուճանի ուխտագնացութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.