Հայութեան Պահանջատիրութեան Նոր Մարտահրաւէրներուն Մասին Օգտաշատ Կլոր Սեղան՝Լիբանանի
Մէջ։
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան
ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Էհրամճեան»մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր
սեղան մը , որուն նիւթն էր պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքի, դպրոցի, ակումբի եւ մամուլի
ունեցած դերակատարութիւնը: Լսարանի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան զրուցավար
տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, որ նշեց, թէ հայութեան պահանջատիրութեան մէջ արձանագրուած են
նուաճումներ, ձեռքբերումներ եւ դժբախտաբար նաեւ հիասթափութիւններ: Ան ըսաւ, որ հայութիւնը
պահանջատիրութեան ջահը կրցած է փոխանցել նորահաս սերունդին: Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան յայտնեց,
որ անհրաժեշտ է բծախնդիր աշխատանքով բազմապատկել հայութեան ուժերը` յաւելեալ յաջողութիւններ
արձանագրելու համար: Ապա Առաքելեան բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերները: Առաջին զեկուցումը
ներկայացուց Մակի Հալլաճեան, որ ներկայացուց պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքին դերը: Ան
հաստատեց, որ ընտանիքը հիմքն է կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Հալլաճեան ըսաւ, որ զաւկին
ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ծնողքին, որ պէտք է սորվեցնէ յարգանք եւ
ազգային պատկանելիութեան զգացում: Երկրորդ զեկուցաբերն էր Անժել Միսիսեան, որ նշեց,
թէ հայ աշակերտութեան մօտ պէտք է արթնցնել ինքնագիտակցութիւնն ու հայկական պատկանելիութեան
ազգային հպարտութիւնը: Միսիսեան շեշտեց, որ նախաձեռնութեան ոգին սերունդի կազմաւորման
մէջ կարեւոր է, եւ այս ծիրին մէջ կրթական պատասխանատուները իրենց պարտականութիւնը ունին: Հայկական
ակումբներուն դերին մասին խօսեցաւ Օհան Պոտրումեան, որ յայտնեց, թէ ակումբները անցեալին
կերտած են հայ նկարագիրն ու հայ մարդը, ստեղծած են ջերմ մթնոլորտ: Պոտրումեան նշեց, որ
այսօր աւելի քան երբեք ակումբներն ու կազմակերպութիւնները նոր միջոցներ որոնելու եւ դժուարութիւնները
յաղթահարելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին: Ան աւելցուց, որ հատուցման հանգրուանին
մէջ պէտք է դիմել գործնական եւ արդիւնաւէտ միջոցներու, որպէսզի հայութեան հարցը ստանայ
արդար լուծում: Կլոր սեղանի վերջին եւ չորրորդ զեկուցաբերն էր Անի Թորանեան, որ ներկայացուց
«Պահանջատիրութիւն եւ հայ մամուլ» նիւթը: Ան շեշտեց, թէ հայերը պահանջատիրութեան մէջ
միակամ են եւ համակարծիք, ինչ որ առաւել եւս կը նպաստէ տարուած աշխատանքներուն արդիւնաւորման:
Թորանեան ըսաւ, որ հայ քաղաքական մտքի եւ իրադրութիւններու ներկայացման մէջ հայ մամուլը
խօսափողն է եւ համակարգողը, եւ այս օրերուն առաւել եւս մամուլին դերը կարեւոր է, իսկ
գործը` դժուար: Աւարտին, խօսք առաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան,
որ շեշտեց, թէ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ առաջնորդուիլ լաւատեսութեամբ, քանի
որ այսօր հայութիւնը ոսկեդարի մէջ է: Զեկուցաբերներուն եւ զրուցավարին շնորհակալութիւն
յայտնելէ ետք, Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ սերունդը շարունակէ աշխատանքը եւ
հայութիւնը հասնի իր գերագոյն նպատակին: