2012-04-14 12:47:08

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ընող Արշաւը 150.000 Ստորագրութիւն Կ՛ապահովէ՝Գերմանիոյ Մէջ։


Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել վերջերս դիմած է համացանցային նախաձեռնութեան մը, որուն միջոցաւ քաղաքացիները կրնան կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին մէջ քննուելիք հարցեր առաջարկել: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք առաջին տասը առաջարկները պիտի մտնեն Տիկին Մերքելի աշխատանքային օրակարգին մէջ:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին՝ առայժմ 150 հազար ձայնով առաջին տեղը կը գրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ է Գերմանիոյ մէջ իսլամութեան հետ կապուած հարցերու շուրջ քննարկումներու կազմակերպումը:
Անշուշտ կան կան նաեւայլ նիւթեր,ինչպէս թմրանիւթերու օգտագործման օրինականացման եւ երկքաղաքացիութեան նուիրուած հարցերուն մասին քննարկումներ կատարելու առաջակներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.