2012-04-14 12:16:23

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Միաւորներու Հաւաք։


Պէյրութ- Հինգշաբթի, 12 ապրիլի՝ երեկոյեան, ՀԿՄ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ (Աշրա‎‎Ֆիէ) տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի միութիւններու եւ շարժումներու ներկայացուցիչներու հաւաք, նախագահութեամբ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի բոլոր ժողովրդապետներուն։
Հաւաքին բացման խօսքը փոխանցեց հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան։ Ան շեշտեց այս աննախընթաց հանդիպումին կարեւորութիւնը՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ։ Իր բացման խօսքին մէջ ան ըսաւ յատկապէս.-
«Մտածեցի թէ 24 Ապրիլը միակ թուականն է եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը միակ վայրն է ուր կը հաւաքուինք տարին անգամ մը,Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ, կղերական դասը՝ քահանաները ,
Հայ Կաթողիկէ բոլոր միութիւնները, յանձնախումբերը, շարժումները, հաւատացեալները ... այսինքն ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ բառին բուն իմաստով:
Ժամանակը հասած է ճանչնալու մենք զմեզ նաեւ որպէս այդ:
Այսպէսով, Ապրիլ 24-ի հաւաքը ինքնութեան ու պատկանելիութեան օր կը հանդիսանայ։ Ան չի կրնար ընտրանքի առարկայ ըլլալ։ Ան
չի կրնար «կ'ուզեմ չեմ ուզեր»ի ենթարկուիլ։
Ան միակ վայրն է՝ ուր ամէն տարի, Ապրիլ 24-ին, հասարակութեան հոգին, մեր հոգին, հայ կաթողիկէի բարի, ազնիւ հաւատացեալի հոգին կը փառաբանէ Տէրը, կը յիշէ նահատակները։ Այս նպատակով՝
Կը հաւաքուի իր հովիւին շուրջ։
Կը հաւաքուի իր Հոգիով, իր ինքնութեամբ։
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգին ՀՈ՛Ն է որ հանրութեան կը ներկայանայ:
Հո՛ն է որ հրաւիրուած է վկայելու իր սկզբունքներուն մասին:
Կա՛մ կը հաւատայ, կամ ոչ: Հոն է որ ցոյց կու տայ»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեան, որոնք արտայայտուեցան հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայ իրավիճակին մասին, մատնանշելով մասնակցութեան նահանջի երեւոյթը Ապրիլեան ձեռնարկներուն։ Մտաւորական, լրագրող Պր. Սարգիս Նաճարեան, իր կարգին, հարցադրումներ կատարեց այդ նահանջի պատճառներուն շուրջ։
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցաւ Միրէյ Սաղպազարեան Քիւթիւքճեան, որ Թամար Գասպարեանի ընկերակցութեամբ թաշնամուրի վրայ, երգեց Եդուարդ Թորիկեանի մէկ յօրինումը Մեծ Եղեռնին նուիրուած (Խօսք՝ Շահանդուխտի)։
Հաւաքին երկրորդ բաժինով բեմ բարձրացան, հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100 ամեակի յանձնախումբի անդամները որոնք անդրադարձան հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Ապրիլեան միջոցառումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան այս ամսուան ընթացքին, եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն, դաստիարակչական ու քարոզչական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ առաջարկեցին արդիական գործելաոճ նոր սերունդը ներգրաւելու եւ քաջալերելու համար։ Այնուհետեւ հարցումներ ուղղուեցան Ապրիլեան ձեռնարկներու ընդհանուր կազմակերպութեան ու ծրագրումին մասին։
Յետոյ ելոյթ ունեցաւ Միհրան Այնէճեան կիթարի վրայ։ Ան երգեց ՜՜Զինուորի մօր երգը՝՝ ներկաներուն մասնակցութեամբ:
Հաւաքի աւարտին, արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան կարեւորեց այս հանդիպումը, ըսելով յատկապէս.-
«Եղբայրներ, քոյրեր,
1953-էն ի վեր, ներկայ կ՚ըլլամ Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն։ Ամէն տարի, 24 Ապրիլին, կը խանդավառուինք, կը յուզուինք, յաջորդ երկու օրերուն կ՚արժեւորենք հանդիպումները, ապա տարուան 360 օրերուն կը մոռնանք մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, կը ծիծաղինք թուրքի երեսին ու կը շարունակենք մեր սովորական կեանքը, մինչ հարկ է մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը վառ պահել մեր մտքին ու սրտին մէջ ամբողջ տարին, որպէսզի ալ չկրկնուի նման տմարդի ցեղասպանութիւն մը, այլ ընդհակառակը, Ազգ, հայրենիք ու Եկեղեցի զարգանան թիւով, ոգեւորուին լեզուով ու գիրով, մենք հպարտանանք մեր մշակոյթով, զօրանանք մեր հաւատքով։
Յուսադրիչ է այսօրուան հաւաքը նահատակներուն ժառանգորդներուն, զաւակներուն ու թոռերուն։ Աւելի համոզիչ եւ աստուածահաճոյ պիտի ըլլայ մեր հաւաքը եթէ մենք զմեզ արժանի դարձնենք, մեր ամբողջ կեանքով, նահատակներուն կտակած արժէքներուն. քրիստոսասիրութեան ու ազգասիրութեան, գործենք ի սպաս Եկեղեցւոյ ու ազգին, պահելով, պաշտպանելով, արծարծելով Լուսաւորչի Աւետարանն ու հաւատքը, զարգացնելով Մաշտոցեան գիրն ու գրականութիւնը, հրահրելով Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց դիւցազներգութիւնն ու վեհանձնութիւնը։
Չապրինք օրը օրին, այլ խոկանք մեր հին ու նոր ազգին ու Եկեղեցւոյ պատմական իրավիճակը, ծրագրենք անոնց ապագայի տեսլականով ու մեր բոլոր խանդով, կորովով ու խոհեմութեամբ գործադրենք այդ ծրագիրը։
Եթէ Հրեայ ժողովուրդը խելացի է եւ վատ, մենք աւելի խելացի ենք եւ քաջ։ Եթէ ան կրցաւ ելլել իր արեան ծովէն ու սատանայական միջոցներով հաւաքել ցիրուցան զաւակները հայրենիքի մը մէջ, մենք եւս կարող ենք մեր ցեղասպանութենէն արեան ովկիանոսէն ելլել ու աստուածային ու մարդկային միջոցներով Հայրենիքին մէջ մենք զմեզ համախմբել՝ շէնցնելու համար մայրենի հողը։ Հայերս կը գերազանցենք հրեաները մեր անկեղծութեամբ ու խիզախութեամբ։ Գիտենք հասնիլ մեր նպատակին նուիրական ուղիղ ճամբաներով եւ ոչ թէ կեղծիքով։
Չսպասենք վաղուան։ Վաղը, նահատակներու զաւակներ ու թոռեր, վաղը թերեւս ուշ ըլլայ»։
Հուսկ, ներկաները միասնաբար աղօթեցին ՜՜ՏԷՐ ՄԻԱՑԱԾ ՊԱՀԷ ՄԵԶ՝՝ աղօթքը
տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի առաջնորդութեամբ։

«ՏԷՐ ՄԻԱՑԱԾ ՊԱՀԷ ՄԵԶ
Տէր Աստուած ամենակարող,
Կենսատու եւ բարերար,
համախմբող, միացնող եւ սրբացնող,
Մէ՛կ սիրտ ըրէ մեզ՝ քու արարածներդ:
Կը հաւատանք թէ կեանքը, որ մեզի տուած ես,
աւելիով պիտի տաս մեզի Յարութեան օրը:
Դո՛ւն, որ մեր ազգին մէջէն
միլիոնաւոր նահատակներ կանչեցիր դէպի քեզ
եւ զիրենք դասեցիր սուրբերուդ հետ
Երկնաւոր Եկեղեցւոյ շարքերուն մէջ,
տալով անոնց առատ կեանք:
Այսօր անոնք եւ մենք կ'ապրինք
Արդարութեան արեգակին ծագման յոյսով:
Արդարութեան արեգակը դո՛ւն ես ով Տէր:
Արդարութիւնը մարդուն՝ քու մօտդ ըլլալն է,
իսկ քու Արդարութիւնդ, ով Սէ՛ր Ամենակալ,
մեր հետ ըլլալն է միշտ:
Մի՛ ձգեր որ կասկածինք:
Օգնէ՛ որ հաւատանք,
թէ միայն քու լոյսովդ
մեր աչքերը կը բացուին
ու մեր մտքերը կը լուսաւորուին:
Մարդկային արդարութեան պատմութեան
այս մայրամուտին,
Կ'ուզենք ճանչնալ քեզ
որպէս միակ աղբիւրը
ճշմարտութեան եւ արդարութեան:
Միայն քու մէջդ կ'ուզենք գտնել
մեր ազգային արժէքներուն անմահութիւնը՝
մեր անսասան հաւատքին զօրութիւնը:
Ինչպէս Վարդանը, Գրիգորն ու Ներսէսը,
անոնց անվախ, յանդուգն
եւ ազատ հաւատքի փարումին օրինակով,
Այսօր հոս հաւաքուածներս՝
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական միջավայրէն ներս գործողներս,
կ'ուզենք միասին եւ բարձրաձայն
մինչեւ մեր մարմնին արեան
վերջին կաթիլը գոչել.
«Հաւատամք ի մի Աստուած»:Ամէն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.