2012-04-13 11:22:37

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 13 ապրիլի յետ միջօրէի ժամը 16ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն հրաժեշտ առնելով վերադարձաւ Վատիկան։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Զատկուայ արարողութիւններէն ետք հակիրճ ժամանակի համար մեկնած էր Գասթել Կանտոլֆոյ, հանգիստ ընելու համար եւ վերագտնելու իր ուժերը վերջին շրջանի հոգնութիւններէն ետք։ Նշենք որ 85 ամեայ Սրբազան Հայրը անցեալ 23 - 29 մարտ առաքելական ճամբորդութեամբ մեկնած էր Մէքսիքօ ու ապա Գուպա եւ անցեալ շաբաթ նախագահած էր Սուրբ Շաբթուայ զանազան արարողութիւններուն։ Իսկ յառաջիկայ օրերուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի տօնախմբէ ըլլայ իր 85րդ տարեդարձը ըլլայ Քահանայապետական ընտրութեան ու գահակալութեան 7րդ տարեդարձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.