2012-04-13 11:24:57

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Այցելութեան մասին։


Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ 14, 15 եւ 16 սեպտեմբերին, հրաւէրով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովին, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը Լիբանան պիտի այցելէ` ստորագրելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին անցեալ տարի Հռոմի մէջ գումարուած յատուկ սիւնհոդոսին «Առաքելական յորդորը», ապա նաեւ հանդիպում ունենալու համար Լիբանանի երիտասարդութեան հետ: Երիտասարդութեան հետ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, Պըքերքէի մէջ: Սրբազան քահանայապետը նոյն օրը կէսօրին պիտի այցելէ նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռ` Զմմառու վանքը: Սրբազան քահանայապետը համայն հաւատացեալներուն համար սուրբ պատարագ պիտի մատուցէ կիրակի, 16 սեպտեմբերին:








All the contents on this site are copyrighted ©.