2012-04-13 11:11:03

Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու դերակատարութիւնը


Նախորդ հաղորդումին մէջ անդրադարձանք ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու անհրաժեշտութեան մասին թէ՜ հովուական եւ թէ՜ մեր անհատական ու հասարակական կեանքի շատ մը կողմերու վրայ: Խօսեցանք լրատուամիջոցներու, յատկապէս հեռատեսիլի աւերիչ ու բացասական ազդեցութեան մասին մարդու հոգեկան աշխարհի վրայ եւ հասարակութեան կենսակերպի փոփոխման:
Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր հաղորդակցութիւնը կարեւոր եւ տիրապետող դեր մը ունի, եկեղեցին եւս չի կրնար անտարբեր մնալ եւ պետք է ուշադրութեամբ եւ քննադատական մօտեցումով օգտագործէ արդի հաղորդակցութեան միջոցները։
Անտարակույս, հեռատեսիլի, ռադիոյի, եւ համացանցի նման լրատուամիջոցներ չափազանց մեծ դերակատարութիւն ունին հասարակական կարգերու ձեւաւորման ու զարգացման գործին: Սակայն անհերքելի փաստեր կան անհատական կեանքին նաեւ հանրային լրատուամիջոցներու ազդեցութիւններու վերաբերեալ: Պէտք է ըսել որ հեռատեսիլէն կամ համացանցէն երեւան կու գան նաեւ գովազդներ: Գովազդները իրականութեան մէջ կ՛առաջարկէն գնել ապրանք մը, հոգեւոր գիրք մը, որ գուցէ ոչ այնքան անհրաժեշտ է, սակայն գովազդը այնպէս կ՛ազդէ, որ մարդկանց կը թուի, թէ այս Գիրգը, այս հատորը իրականութեան մէջ անհրաժեշտութիւն է: Պատկերները, զորս կը տեսնենք անգիտակցաբար մտքին մէջ տեղ կը գտնեն: Որոշ ժամանակ անց, մեր միտքը կը վերյիշէ պատկերները, սակայն չի կրնար տրամաբանօրէն հակազդել անոնց: Շատ ընկերություններ իրենց գովազդը մարդկանց ենթագիտակցութեան վրայ ազդելու նպատակով կը պատրաստեն: Զարմանալի չէ, որ ցանկացած ապրանքի գինը արագ ժամանակամիջոցի մէջ կը բարձրանայ անոր գովազդներուն ետք: Գովազդը աւելի քան միւս միջոցները արդիւնաւէտ կը դարնայ: Այս մեր ընկալումներուն թուլացման պատճառ կը դառնայ, եւ առանց մտածելու կը գնենք տուեալ ապրանքը: Այս ընկալումները յաճախ մանրամասնութիւններ չեն ընդգրկէր, այլեւ մտքին մէջ պատկերացուած որեւէ ապրանք գնելու ընդհանուր գաղափարը:
Անցեալի կապերը մտքի աւանդական ու առանձնայատուկ հասկացութիւն կը ձեւակերպուին: Աւանդական ձեւով կամ դեմ առ դեմ հարաբերութիւններու չափանիշը հնարաւոր չէ գտնել այսօրուայ հարաբերութիւններուն մէջ : Այս չափանիշերը երկխօսութեան ու յատուկ յուզական ու զգացական լայն շրջանակ կ՛ընդգրկեն, որոնք այսօր դժբախտաբար փոխուած են: Օրինակի համար, նոր հարաբերութիւններուն զգացական կողմը այլեւս հիմնական ու էական չէ եւ հիմնականի մէջ անհատի ներկայութիւնը այլեւս կարեւոր նախապայման չի համարուիր: Այսօր միւսներու ներկայութիւնը կարեւոր չէ եւ ան իր տեղը հեռատեսիլի ու համացանցին զիջած է:
Թէեւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները ժխտական որոշ կէտեր ունին, սակայն անոնք կը նպաստեն եկեղեցի-ժողովուրդ կապը ամրապնդել: Այսօր, շնորհիւ Ռատիոյին, հեռատեսիլին եւ յատկապէս համացանցին Եկեղեցին հաւատացեալներուն կը հաղորդէ դարերու ընթացքին կուտակուած պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը` խօսքի, գրականութեան, աղօթքի եւ ժամերգութիւններու միջոցով: Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները, հաւատալիքները, խորհուրդները եւ ծիսական արարողութիւնները կը ծառայեն հաւատացեալներու հոգեւոր եւ կրթական պահանջքները յագեցնելու: Հետեւաբար, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները, ե՛ւ ժխտական ազդեցութիւններ ունին, ե՛ւ դրական: Մեզի կը մնայ խոհեմութիւնը ունենալ լաւ գործածելու զանոնք, ի նպաստ մեր Կրթական եւ յատկապէս հոգեւոր պահանջքները յագեցնելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.