2012-04-13 12:03:57

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Մարդկային Իրաւունքներու Բռնաբարումը Կիպրոսի Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Բաժնին Մէջ։


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացած է 11 Ապրիլին Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարար Դոկտ. Տիկին էրրաթօ Գոզագու Մարքուլլիսէն: (Այս մասին կը յայտնէ Կաթողիկոսարանի կայքը)։
Նախարար Մարքուլլիս տեղեակ կը պահէր Վեհափառ Հայրապետը, որ Կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի Յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Քրիստոֆորոս Եպիսկոպոսին Ս. Զատկուան առիթով իր համայնքին կատարելիք այցելութիւնը ու պատարագը: Նոյն նամակին մէջ նախարարը կը յիշէ նաեւ թուրք իշխանութեան կողմէ մարդկային իրաւունքները անտեսող այլ պարագաներու կրկնութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ապա, նախարարը կը խնդրէ Վեհափառ Հայրապետէն, որ ազդու միջոցներու դիմելով դատապարտէ մարդկային իրաւունքներու ու խղճի ազատութեան դէմ եղող թուրք իշխանութեան կողմէ որդեգրուած նման քաղաքականութիւն մը:

Վեհափառ Հայրապետը նախարարին ուղղած իր նամակին մէջ՝ դատապարտելով Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքները անտեսող այս մօտեցումը՝ անոր յայտնած է որ ինք թելադրած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ յայտարարութիւններով դատապարտեն այս երեւոյթը եւ արտօնեն խղճի ամբողջական ազատութիւն Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւեալ բաժինին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.