2012-04-12 12:23:29

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Պէյրութի Մէջ։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը շաբաթ 14 ապրիլին, հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին, Պէյրութի՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրէ Մաշտոց- Հրայր սրկ. Զահթերեանը -Զմմառու Արծիւեան միաբանութենէն։
Ձեռնադրութեան յաջորդ օրը, կիրակի 15 ապրիլի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, նորօծ վարդապետը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Պէյրութի հայաշատ թաղամաս՝ Պուրճ Համմուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ, ապագայ քահանային Մաշտոց սարկաւագին որ իր քահանայութեան համար որպէս նշանաբան առած է Ս. Յովհաննէսի աւետարանէն՝ Յիսուսի սա խօսքը՝ ՜՜Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեց ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէսզի դուք երթաք եւ պտուղ տաք՝՝ (Յովհ. 15։16)։








All the contents on this site are copyrighted ©.