2012-04-12 12:39:04

Մեծ Հողատարածք Մը Եւս Պոլսահայութեանբ Կը Վերադարձուի։ (Տարի Մը Եւս Պէտք է Սպասել Որպէսզի Վերջանայ Վճռաբեկի Գործընթացքը)։


11 Ապրիլին Պոլսոյ Ասիական կողմը գտնուող Պէյքոզ-ի Թաղային Խորհուրդի անդամ Պարոն Արէտ Չիչէքէքէր փոխանցած է հրաշալի լուր մը։ Դատարանը արդարեւ Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին ի նպաստ վճիռ արձակած է, այն դատին մէջ զոր Թաղային Խորհուրդը բացած էր, պահանջելով որ համայնքին վերադարձուի նախկին Գերեզմանատան հողամասը։ Այս հողամասը շատ ալ սովորական հողամաս մը չէ։ Վոսփորի ափին (ծովեզերքը) 37.500 մեթր քառակուսի տարածութեամբ հողատարածք մը,անհաւատալիօրէն ընդարձակ գետին մը,որ երկար ժամանակէ ի վեր գրաւուած էր ու յատկացուած՝տարբեր շինութիւններու։
Այս հողատարածքին համար դատը բացուած էր Կալուածոց Յանձնախումբի ու Սուրբ Փրկիչ Հայոց Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան զօրակցութեամբ։ Պէյքոզի Եկեղեցին եթէ տիրանայ այս հողամասին ատիկա պիտի ըլլայ բախտաւորութիւն մը, որմէ պիտի օգտուի ամբողջ Պոլսոյ Հայ Համայնքը., միայն թէ ատոր համար տակաւին պէտք պիտի ըլլայ սպասել մօտաւորպէս տարի մը եւս,մինչեւ որ վերջանայ նաեւ Վճռաբեկի դիմումի գործընթացքը։ (Մարմարա-Պոլիս)








All the contents on this site are copyrighted ©.