2012-04-12 12:22:43

Աշխարհի Ամենահին Եկեղեցիներէն Մէկը՝ ՜՜Ղպտի Եկեղեցին՝՝ Թիրախ Է Սպառնալիքի, Եգիպտոսի մէջ։


Անցեալ 17 մարտին ղպտի եկեղեցին կորսնցուց իր հոգեւոր առաջնորդը, Շենուտա Գ Պապը։ Ան իր հոգին աւանդեց 88 տարեկանին, 40 տարուայ ղեկավարութենէ ետք։ Նոր դարաշրջան մը կը սկսի Ղպտի եկեղեցւոյ համար, ժամանակի մը մէջ, ուր Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնը թիրախ է ծայրայեղ մահմետականներու հարստահարումին։
Նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը սկիզբ պիտի առնէ մի քանի շաբաթէն,
''Աղեքսանտրիոյ եւ համայն Ափրիկէի Պապը եւ Պատրիարքը սուրբ Մարկոսի քարոզութեան'' տիտղոսով ։
Ղպտի եկեղեցին` հիմնուած Մարկոս աւետարանիչէն, աշխարհի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է ունի իր իւրայատուկ ծէսն ու նուիրապետութիւնը ։ Ղպտիները Փարաւոններու սերունդէն են, անոնք կը ներկայացնեն երկրին 10 տոկոսը` շուրջ 8-10 միլիոն։ Նախագահ Մուպարաքի անկումէն ետք, անոնց դէմ հալածանքը կը սաստկանայ եւ անոնցմէ շատերը արտահան եղած են ու ապաստան գտած՝ մասնաւորապէս ԱՄՆի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.