2012-04-11 12:40:06

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Զորեքշաբթի 11 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10.30 Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։
Յայտնենք որ այս օրերուս եւ մինչեւ 13 ապրիլ, Սրբազան Հայրը կը գտնուի Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցը եւ այս առաւօտ իքնադիռով ժամանեց Վատիկան։

Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօրուայ մեր հանդիպումը տակաւին լի է Զատկուայ ուրախութեամբ։ Այս առաւօտ կ՛ուզեմ մատնանշել թէ որքանով Յիսուսի Յարութիւնը մաբողջութեամբ փոխեց իր աշակերտները։ Յարութեան երեկոյեան` Յիսուս կը մտնէ այն վայրը ուր աշակերտները հաւաքուած էին ու անոնց կ՛ըսէ <<խաղաղութիւնը ձեզի>> ու ապա անոնց ցոյց կու տայ ձեռքերոին եւ ոտքերուն վէրքերը անոնց հաստատելու թէ իսկապէս Ինքն էր։ Աշակերտները այս տեսնելով, վախի եւ յուսալքումի վիճակէն անցան ուրախութեան վիճակի։ Այն ուրախութիւնը որ արդիւնքն է <<Յիսուսին հետ հանդիպումին>>։ Խաղաղութիւնը զոր Յիսուս անոնց կը պարգեւէ պարզ բարեւ մը չէ այլ պարգեւ մը, Յարուցեալին պարգեւը նուիրուած իր իր բարեկամներուն։ Ան նաեւ պատգամ մըն է. խախաղութիւնը բոլորինն է ու աշակերտները զայն տանելու են համայն աշխարհ։ Ու ապա յաղթահարելու համար վախը Յիսուս անոնց կը պարգեւէ նաեւ Սուրբ Հոգին։ Մարդու սրտին մէջ մեղքի փուշերու տեղ կը զետեղուին շնորհքի ծիլեր, մահը յաղթող Քրիստոսի ներկայութեամբ։ Էմմաուսի ճանպարհի վրայ երկու աշակերտներուն Յիսուս կը յայտնէ այն յատուկ վայրը ուր կարելի է հանդիպիլ Յարուցեալ Տիրոչ որ մեր կեանքը կ՛այլափոխէ. Անոր Խօսքին ունկնդրութիւնը ու Հացին բեկանումը։

Սիրելի բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը, այս Զատկուայ շրջանը թող առիթ ըլլայ վերագտնելու համար մեր հաւատքի աղբիւրը Սուրբ Գիրգի եւ Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ։ Վստահինք Յարուցաեցլ Քրիստոսին` անոր հանդէպ մեր հաւատքը կը բարեփոխէ մեր կեանքը ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած խուժ հաւատացեալներու բազմութիւնը ու յատկապէս Միլնոյէն ժամանած խումբ մը հաւատացեալներուն խօսքը ուղղելով զանոնք հրաւիրեց հոգեւորապէս պատրաստուելու յառաջիկայ 30 մայիսէն - 3 յունիս Միլանոյի մէջ գումարուելիք Ընտանիքի Համաշխարդային օրուայ նշումին հետեւելով Սուրբ Ընտանիքի օրինակին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն` հիւանդներուն` եւ նորապսակեալներուն։

Սիրելի երիտասարդներ իմացէք որ միայն մեր Տէրը` Յիսուս կարող է համապատասխանել երջանկութեան ձգտումներուն եւ ձեր կեանքի իսկական բարիքին։ Սիրելի հիւանդներ աւելի մեծ սփոփանք չկայ ձեր չարչարանքներուն, Քրիստոսի Յարութեան անտարակուսելի իրողութենէն անդին։ Եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր ընտանեկան կեանքը ապրեցէք Քրիստոսի ու անոր աւետարանի ուսուցումի ամբողջական նուիրումով։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը իքնադիռով վերադարձաւ Գասթել Կանտիլֆոյի ամարանոց։








All the contents on this site are copyrighted ©.