2012-04-11 12:41:52

Յայտնի Թուրք Հրատարակիչ Ռակըբ Զարաքօլու Ժամանակաւորապէս Ազատ Կ՛արձակուի։


Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 15-րդ դատարանը Ապրիլ 10ին ազատ արձակած է թուրք հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, հայամէտ դիրքորոշմամբ յայտնի Ռակըպ Զարաքօլուն (կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը) :
Անոր հետ միասին ազատ արձակուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) «Քրտական համայնքներու միութեան» (KCK), ահաբեկչական օգնութիւն ցուցաբերելու համար մեղադրուող այլ 15 անձեր:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ այդ մասին իր «Պելկէ» հրատարակչութեան միջոցով շարք մը հատորներ հրապարակած Զարաքօլու, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ձերբակալուած էր։ Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլու կալանաւորուած էր «ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութիւն ցուցաբերելու» մեղադրանքով:
Պոլսոյ դատախազութիւնը արդէն պատրաստած է մեղադրական ակտը, ըստ որուն, եթէ մեղադրանքը հաստատուի Հայոց Ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարող եւ նոյն այդ գործունէութեան համար ալ բազմիցս քրէական հետապնդման ենթարկուած թուրք իրաւապաշտպանին կը սպառնայ 7.5-էն 15 տարուան ազատազրկում:








All the contents on this site are copyrighted ©.