2012-04-10 13:36:47

Պավարիայի Երբեմնի Կառավարիչը Սրբազան Քահանայապետին Կը Նուիրէ Իւրայատուկ Գիրք Մը Սրբազան Հօր Ծննդեան 85-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Սրբազան Քահանայապետին ծննդեան 85ամեակին առթիւ գերապայծառ Կէորկ Կէնշինը` Georg Gaenswein, Սրբազան Հօր յատուկ քարտուղարը, յատուկ անակնկալ մը պատրաստած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու հաւատացեալներուն, միատեղ ժողովելով ՜՜պատմուածքները՝՝ արտայայտուած՝ գերմանացի մեծ անձնաւորութիւններէն։
Գիրքին վերնագիրը ''Պենետիկտոս ԺԶ.- հռչակաւոր անձնաւորութիւններ կը խօսին Քահանայապետին մասին։ Պավարիայի երբեմնի կառավարիչը Էտմունտ Ստոյիպէր ուզեց անձամբ ներկայացնել գիրքը, որով գերմանացի անձնաւորութիւնները կը յայտնեն իրենց հիացումը Սրբազան Քահանայապետին անձին հանդէպ ու բարեմաղթութիւնները յայտնել։ Գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի օրը Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքէն անմիջապէս ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.