2012-04-10 13:09:22

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՌՈՎՄԷԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ (2-53)



Արտաշէսեան հարստութեան վերջին զոյգը որ իշխեց Հայաստանի վրայ, քոյր եղբայր էին. Տրդատ Դ. եւ Երատոյ թագուհին։ Հին ժամանակներուն կար այսպիսի սովորութիւն մը, ինչպէս կը հաստատէ Եգիպտոսի Պտղոմայիս փառաւոնին եւ անոր քրոջ` Կղէոպատրայի իշխանութիւնը։ Գտնուած է անոնց կոխած դրամը, ուր կ՛երեւի մէկ երեսի վրայ` Տիգրան Դ. պարթեւական տարազով, իսկ երկրորդ երեսին վրայ` Երատոյ։ Օգոստոս կայսր կ՛իշխէ Հայաստանի վրայ
Տիգրան 4-րդի մահէն ետք` Օգոստոս բանակ մը ղրկեց Հայաստան, որպէսզի Հայոց գահին վրայ բարձրացնեն Հռոմի կողմէ ընդունուած իշխան մը` Արիոբարզան։ Պատմութիւնը կ՛ըսէ որ Հայերը յօժարեցան զինք ընդունիլ որպէս թագաւոր իր բացառիկ գեղեցկութեան եւ քաջութեան համար։ Շատ դիւրին չեղաւ սակայն զինք պարտադրել, մանաւանդ ազգային հոսանքի հակառակութիւններուն համար։ Օգոստոսի կողմէ ղրկուած զօրավարը` Կայոս Կեսար, որ իր որդեգիրներէն մին էր, վիրաւորուեցաւ այս կռիւներուն ընթացքին ու մահացաւ։ Արիոբարզան Ա. տիրեց Հայաստանի 2-էն մինչեւ 11 թուականը։ Այդ առթիւ` Օգոստոս դրամ կոխեց Հռոմի մէջ որուն ետեւը կար հետեւեալ լատիներէն գրութիւնը “Armenia capta”, որ կը նշանակէ` Հայաստանը` նուաճուած։
Հռոմի քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ
Օգոստոսի քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ հետեւեալն եղաւ. Կը զգար ան որ Հայաստանը չէր կրնար ձգել Պարթեւներուն ձեռքը, սակայն գիտէր նաեւ թէ կարելի չէր այս լեռնային երկիրը, որ ամենահեռուն էր Հռոմէն, տեւապէս նուաճել. Ուստի բաւականացաւ զայն դաշնակից ընելով եւ կառավարելով Հռոմի ազդեցութեան տակ եղող թագաւորներով։ Յետագային` բացի Տրայանոսէ, միւս բոլոր կայսրերը նոյն քաղաքականութեան պիտի հետեւէին։ Իսկ քրիստոնէութեան մուտքով, արդէն Հայերը տեւապէս դաշնակից եղան հռովմէական կայսրութեան, ընդէմ Սասանեան Պարսիկներու, որոնք Պարթեւներու իշխանութիւնը վերջնապէս պիտի տապալէին։
Արիոբարզան Բ. եւ ազգային կուսակցութեան գործած աւերները
Արիոբարզան Բ. յաջորդեց Առաջինին, եւ առաւ Արտաւազդ Ե. անունը։ Սակայն իր ժամանակ հայ ազգային կուսակցութիւնը ընդդիմացաւ իշխանութեան դէմ եւ Հայերն սկսան իրարու միջեւ կռիւներ մղել։ Ժամանակի ընթացքին` հայ ազնուականութենէն մաս մը հակեցաւ ազգային կուսակցութեան` ոչ որպէզի ազգին շահերը պաշտպանէ, այլ պարզապէս իրենք իրենց շահերը ապահովելու համար եւ անկախ մնալու թագաւորի իշխանութենէն. Յետագային` անոնք պիտի դաւաճանէին նոյնիսկ իրենց օրինաւոր թագաւորներուն դէմ։ Այս քաղաքականութիւնը ունեցաւ իբրեւ արդիւնք որ հայ լուծը մերժելով` անոնք ստիպուեցան ընդունիլ օտարին լուծը, ինչ որ շատ աւելի նուաստացուցիչ եղաւ մեր ազգին համար։
Արտաշէս Գ. Կամ Զենոն (17-34) Հայաստանի գահին վրայ
Հռովմի Գերմանիկոս կայսրը Հայաստանի գահին վրայ հաստատեց Զենոն անունով յոյն մը, որուն տրուեցաւ Արտաշէս Գ. Անունը։ Երկիրը հանդարտեցաւ մօտ 17 տարի, սակայն դարձեալ սկսան պայքարները երբ Զենոնի յաջոդեց վրացի թագաւորի որդին` Հռադամիզդ, Հայոց գահին վրայ։ Ան այնքան անգթութիւններ գործեց որ ի վերջոյ` Հայերը դիմեցին Պարթեւներու օգնութեան եւ, թողլով Հռոմի բարեկամութիւնը, հակեցան իրենց նախկին թշնամիին կողմը։ Պարթեւները վտարեցին Հռադամիզդը եւ Հայաստանի գահին վրայ դրին Տրդատ Ա., եղբայրը պարթեւ թագաւորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.