Սուրիահայութեան Ներկան ու Ապագան Պէտք է Մտահոգեն ե’ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ե’ւ
Սփիւռքը
Սուրիոյ իրադարձութիւնները, որոնք միջազգային լրատուամիջոցներով կը լուսաբանուին խիստ
միակողմանի (ի վնաս գործող իշխանութիւններու ու նախագահ Պաշշար ալ Ասատի), պէտք է մտահոգեն
Հայաստանն ու Սփիւռքը՝ երեք հիմնական պատճառներով: Առաջինը մարդկային կորուստներն
են: Սուրիոյ մէջ կը սպաննուին ու կը վիրաւորուին մարդիկ, որոնց շարքին` հայեր: Ի տարբերութիւն
Թունուսի, Եգիպտոսի, Եմէնի ու Լիպիոյ, ուր «Արաբական գարուն»ը տապալած է այդ երկիրներու
նախկին առաջնորդները, Սուրիոյ մէջ ներքաղաքական պատերազմը երկարաձգուելու ակնյայտ միտումներ
ունի: Միջազգային հանրութիւնը, փոխանակ ճնշումներ բանեցնէ նախագահ Ասատի վրայ, որպէսզի
վերջինս երկրի մէջ լուրջ քաղաքական բարեփոխումներ կատարէ (այս պահուն նախագահ Ասատը պատրաստ
է գնալ լրջագոյն զիջումներու), կը պահանջէ Սուրիոյ առաջնորդի հրաժարականը: Բնականաբար,
նախագահ Ասատը հրաժարական չի տար: Դժուար է կանխատեսել, թէ ինչպիսի հանգուցալուծում
կ'ունենան սուրիական իրադարձութիւնները: Հաւանական է, որ արիւնահեղութիւնը շարունակուի,
ինչպէս կը շարունակուի մէկ տարիէ ի վեր: Թուրքիայի տարածքին հաստատուած սուրիական ընդդիմութիւնը
կը քաջալերէ, որ զինեալ ապստամբները պայքար մղեն նախագահ Ասատի կառավարական ուժերուն
դէմ: Բախումներու ընթացքին արիւն կը թափի, կը սպանուին նաեւ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ: Տուժածներու
մէջ կան նաեւ հայեր: Սուրիահայութիւնը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացած է Հալէպի, Գամիշլիի,
Լաթաքիոյ, Քեսապի ու Դամասկոսի շրջաններուն մէջ, կը փորձէ չէզոքութիւն պահպանել: Նման
կեցուածք, անկասկած, արդարացուած է: Աւելին` անիկա է չարեաց փոքրագոյնը: Սակայն չէզոքութիւն
պահպանելը դեռ բաւարար պայման չէ, որպէսզի սուրիահայութիւնը խուսափի զոհերէ ու վիրաւորներէ: Շուրջ
80 հազարի հասնող սուրիահայութեան ներկայ կացութիւնն ու ապագան պէտք է մտահոգեն ինչպէս
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այնպէս ալ՝ Սփիւռքը: Բարեբախտաբար, հայաշատ շրջանները չեն
դարձած կառավարութիւն-ընդդիմութիւն զինուած պայքարի հիմնական վայրերը, թէեւ իրավիճակը
մայրաքաղաք Դամասկոսն ու մեծութեամբ երկրորդ քաղաք Հալէպը, յատկապէս` վերջին շաբաթներուն,
հեռու են խաղաղ ու հանգիստ ըլլալէն : Երկրորդ` Սուրիոյ մէջ ներքաղաքական պատերազմի
ու արիւնահեղութեան շարունակականութիւնը կը ստիպեն սուրիահայութիւնը, որ աւելի ապահով
վայրեր գտնէ: Մարդկայնօրէն հասկանալի է, որ սուրիահայութիւնը պէտք է մտահոգուի իր ֆիզիքական
անվտանգութեան խնդիրներով: Ի տարբերութիւն Սփիւռքի այլ հայաշատ վայրերու` Սուրիան ու
Լիբանանը առանցքային դերակատարութիւն ունին ամբողջ հայկական աշխարհի համար: Հալէպն ու
Պէյրութը տասնամեակներ եղած են եւ կը շարունակեն մնալ շտեմարան` հայ աշխարհին տալով բազմաթիւ
հոգեւորականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ազգապահպանութեան համար կարեւոր այլ դերակատարներ: Երրորդը
Հայաստանի Հանրապետութեան շահն է: Ակնյայտ է, որ Արեւմուտքի համար արաբական աշխարհի ժողովրդավարացումը
պատրուակ է: Եթէ Արեւմուտքը մտահոգուած է մարդու իրաւունքներու եւ միւս հիմնարար ազատութիւնները
յարգելով, ապա նախ պէտք է տապալուէին Սէուտեան Արաբիոյ, Քաթարի ու Պահրէյնի բռնապետական
վարչակարգերը: Հակառակը` անոնք կը վայելեն Արեւմուտքի աջակցութիւնը` ընդդէմ շիաներու:
Գրեթէ կասկած չկայ, որ Արեւմուտքը կը փորձէ արաբական աշխարհի եւ իսլամական արեւելքի մէջ
սահմանափակել շիաներու իշխանութիւնը: Սուրիոյ մէջ «յաջողութեան» հասնելու պարագային հերթը
հաւանաբար կը հասնի «Հըզպոլլահ»ին Լիբանանի մէջ եւ Իրանին: «Հըզպոլլահ»ը այսօր լուրջ
ուժ է Լիբանանի մէջ: Անոր դէմ պատերազմը կը նշանակէ հերթական անհանգստութիւն պատճառել
լիբանանահայութեան: Լիբանանի մէջ նոր պատերազմի պարագային այդ երկրի վերջին յիսուն հազար
հայերու մէկ մասը (եթէ ոչ զգալի մասը) եւս կ'արտագաղթէ: Իսկ ամենամտահոգիչը Իրանի
դէպքն է: Իսլամական Հանրապետութեան դէմ պատերազմը կամ ռազմական հարուածները Հայաստանը
կը կանգնեցնեն անելանելի ընտրութեան առջեւ: Այնպէս որ` Պաշշար Ասատի յաջողութիւնը, կը
նշանակէ թէ` սուրիական ճգնաժամի խաղաղ հանգուցալուծումը անուղղակիօրէն կը բխի նաեւ Հայաստանի
եւ հայ աշխարհի շահերէն: «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ-վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան
կը գրէ.