2012-04-08 13:45:56

Կիրակի 8 Ապրիլ 2012։Տօն Յարութեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի
Սրբազան Քահանայապետի <> Հռոմի ու համայն աշխարհի Առաքելական օրհնութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 10.15 անց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գլխաւորեց Յարութեան տօնի` Հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը։ Նշենք որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի ծաղիկներու զարդարանքը, այս տարի եւս` 27րդ տարին ըլլալով, նուիրուած է Հոլանտայի կողմէ։

Պատարագի արարողութեան աւարտին Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն Սրբազան Հայրը Հռոմի ու համայն աշխարհի տարածքին ուղղեց իր <> Առաքելական օրհնութիւնը ու ապա զանազան լեզուներով աշխարհի համայն հաւատացեալներուն շնորհաւորեց Քրիստոսի Յարութեան Տօնը` ներառեալ Հայերեն <<Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց>>ը ։

<> Առաքելական Օրհնութեան իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով Քրիստոսի Յարութեան Տօնին ընգծեց թէ եթէ Յիսուս Յարութիւն առաւ ուրեմն մարդու իրավիճակը իսկապէս փոփոխութեան ենթարկուած է։ Քրիստոսը Յոյս ու սփոփանք է նա մանաւանդ այն քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար որոնք իրենց հաւատքի պատճառաւ ենթարկուած են խտրականութեան ու հալածանքի եւ Ան, իր եկեղեցւոյ միջոցաւ, ներկայ է որպէս յոյսի զօրութիւն` մարդկային անարդարութեան եւ տառապանքի իւրաքանչիւր պահուն։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը ուղղեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն <<Յարուցեալ Քրիստոսը յոյս պարգեւէ Մերձաւոր Արեւելքին որպէսզի ցեղային` մշակութային ու կրօնական բոլոր տարրերը միասնաբար համագործակցին հասարակաց բարիքի համար ու մարդու իրաւունքներու յարգանքի ի խնդիր։
Սրբազան Հայրը հուսկ յատուկէն կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ արիւնահոսութեան դադրեցումին եւ երկխօսութեան հաստատումին համար։ Ապա յիշեց Իրագի բնակչութիւնը ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկիրը հրաւիրելով Պաղեստինցիներն ու Հրեաները վերսկսելու խաղաղութեան գործնթացը։
Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը անդրադրձաւ հուսկ Ափրիկէի ցամաքամասի շատ մը երկիրներու ցաւաելի իրավիճակին յոյս յայտնելով որ <<Յարութեան ուրախութիւնը նոր կորով ներշնջէ միսանաբար վերակառուցելու համար խաղաղ հասարակութիւն մը որ կարողանայ յարգել իր քաղաքացիներուն կրօնական ազատութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.