2012-04-07 11:06:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 7 ապրիլ - Աւագ Շաբաթ.

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը այսօր` Շաբաթ 7 Ապրիլի՝ երեկոյեան ժամը 9ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի անուան Մայր Տաճարին մէջ, կը գլխաւորէ երեկոյեան հսկումի աղօթքը, ի պատրաստութիւն ՜՜Յիսուսի Սուրբ Յարութեան՝՝ տօնին։ Արարողութեան ընթացքին, որ սկիզբ կ՛առնէ թափօրով, նախատեսուած է <<կրակի օրհնութիւնը>> որմէ ետք կը վարուին մոմերը ի նշան ՜՜Յարութեան Լոյսին՝՝։
Հսկումի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Կարտինալական եւ Եպիսկոպոսական դասերը։
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ մկրտութեան խորհուրդի մատակարարումը, որ այս տարի պիտի մատուցուի 8 թեկնածուներու, եկած՝ աշխարհի տարբեր վայրերէն, որոնց շարքին նաեւ 28-ամեայ հայուհի` Վիքթորիա Անանեանը, Թիւրքմէնիստանէն։
Իսկ վաղը՝ կիրակի 8 ապրիլի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք՝ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշագամէն աշխարհին կ՛ուղղէ <> այսինքն ՛՛Հռոմ Քաղաքին ու Համայն Աշխարհին՛՛ Առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.