2012-04-07 11:22:53

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Յիսուսի Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ։


՜՜ՙԵ՜Ս ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ՝՝։
Այս վճռադրոշմ յայտարարութիւնը Քրիստոս կատարեց մահուան դիմաց՝ երբ Ղազարոսին հրահանգեց դուրս գալ գերեզմանէն: Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր քանդելու՝ մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու՝ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Ան աշխարհ եկած էր վերստեղծելու աստուածաստեղծ մարդէն հեռացած մարդը եւ առաջնորդելու դէպի Աստուած: Այլ խօսքով, աստուածատուր կեանքի վերահաստատումն էր Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան նպատակը: Ա՜յս յանձնառութեամբ Ան քարոզեց ու հրաշագործեց. եւ ա՜յս վճռակամութեամբ աշխարհին դիմաց կեցած յայտարարեց.– ՙԵ՜ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը՚ : Դէպի վերանորոգ կեանք ու յարութիւն ընթացող իր փրկագործական առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց ու իր առաքելութիւնը բնորոշեց մարդու առօրեայ կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող պատկերներով ու երեւոյթներով:
Աստուծոյ մարդացեալ Որդին ըսաւ.Ե՜ս եմ ճշմարտութիւնը այլ տեղ մի փնտռէք զայն: Ե՜ս եմ ճամբան, դէպի բարին, դէպի կեանք ու Աստուած առաջնորդող միակ ճամբան: Ե՜ս եմ դուռը , դէպի երկինք ու Փրկութիւն: Ե՜ս եմ լոյսը , յաւերժափայլ լոյսը աշխարհին: Ե՜ս եմ հացը , կեանքի իրա՜ւ հացը: Ան որ կը ճաշակէ այս հացէն բնաւ պիտի չանօթենայ։ Ե՜ս եմ ջուրը կեանքի կենսատու ջուրը: Ով որ խմէ յաւերժահոս այս ջուրէն, երբեք պիտի չծարաւի՝ աշխարհի անապատին մէջ: Ե՜ս եմ որթատունկը , երկնային բերրի ու անապակ որթատունկը՝ եւ եթէ ճիւղերը չմիանան որթատունկին, պիտի չորնան ու դատապարտուին կրակի: Ե՜ս եմ սէրը , ճշմարիտ սէրը աշխարհին։ Ե՜ս եմ խաղաղութիւնը, աշխարհի իրաւ ու մնայուն խաղաղութիւնը: Ե՜ս եմ փրկիչը, մարդու միակ փրկիչը: Ե՜ս եմ հովիւը , քաջ հովիւը, որ իր անձը կը նոյնացնէ իր հօտին հետ. կը թողու իննիսունինը ոչխարները եւ կը փնտռէ մէկ մոլորեալ ոչխարը: Հետեւեցէք ա՜յս հովիւին: Ե՜ս եմ կեանքը , յաւիտենական կեանքը աշխարհին: Ան որ իմ ետեւէս կու գայ հեռու պիտի մնայ կեանքի փորձանքներէն ու չարիքներէն: Ան որ ինծի կը հաւատայ արժանի պիտի դառնայ յաւիտենական կեանքին: Քրիստոսի յարութիւնը (կ՝ըսէ Արամ Ա.) յաղթանակն է բարիին՝ չարին դէմ, լոյսին՝ խաւարին դէմ, արդարութեան՝ անարդարութեան դէմ, ճշմարտութեան՝ կեղծիքին դէմ, կեանքին՝ մահուան դէմ: Յարուցեալ Քրիստոս վերջին դատաստանին օրը դա՜րձեալ պիտի գայ դատելու մարդիկը իւրաքանչիւրը իր կեանքին ու գործին համաձայն. ՜՜ Խոր հաւատքով, գիտակից յանձնառութեամբ ու վառ տեսիլքով մարդ պէտք է ապրի իր կեանքը՝՝ կ՝ըսէ Արամ Ա. իր ՜՜Զատկական՝՝ պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.