2012-04-07 11:06:49

Հալէպի Լատին Թեմի Առաջնորդը Հրադադար կը Պահանջէ Զատկական Տօներուն Առթիւ։


Հալէպի Լատիներու Առաքելական Փոխանորդը` Գերապայծառ Նածծարօ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ հրադադարի կոչ ուղղած է Սուրիոյ համար, խնդրելով որ ՝՝զէնքերը լռեն ու վերջ դրուի բռնութիւններուն որոնք մահ ու վիշտ կը սփռեն երկրին մէջ՝՝։ Ան իր այս յայտարարութեամբ իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին, որ մէկ տարի է ի վեր կը տառապիհետեւանք զինեալ ընդհարումի։
Գերապայծառ Նածծարօ մատնանշեց որ խաղաղութեան ճանապարհը կ'անցնի ՄԱԿի խաղաղութեան ծրագիրի իրականացումով, ներկայացուած ՄԱԿի Միջազգային ներկայացուցիչ Քոֆի Աննանի կողմէ ։ Առաքելական Փոխանորդը մաղթեց որ Սուրիոյ Ազգը զոհ չդառնայ հզօր պետութիւններու ճնշումներուն ու նաեւ թիրախ չդառնայ մոլեռանդ մահմետականներու։
Նշենք որ Սուրիոյ ներկայ վարչաձեւը խոստացած էր Քոֆի Աննան-ին ` միջազգային ներկայացուցիչին 10 ապրիլէն սկսեալ ի գործ դնել ՄԱԿի ներկայացուցած խաղաղութեան ծրագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.