2012-04-07 11:07:09

Արաբական Ծոցի Առաքելական Փոխանորդի Զատկական Պատգամը ՝՝մի մոռնար զմեզ երբ կը գտնուինք խաւարին առջեւ՝՝։


Գերապայծառ Բոլ Հինտեր` Առաքելական փոխանորդը Արաբական Ծոցի, Զուիցերիոյ հաւատացեալներուն ուղղած զատկական իր Պատգամին մէջ կը հրաւիրէ զանոնք ՝՝չմոռնալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները՝՝։ Ան իր պատգամին մէջ կը գրէ. ''մեզ մի մոռնաք, երբ մենք մեր շրջանին մէջ կը դիմագրաւենք խաւարն ու հալածանքը։ Մինչ կը պատրաստուինք տօնախմբելու մեր Տիրոջ` Քրիստոսի Չարչարանքը, Մահը ու Յարութիւնը կը հրաւիրեմ ձեզ մեզի հետ աղօթելու մեր շրջանի բնակիչներու խաղաղութեանը համար ու միաժամանակ արտայայտելու ձեր զօրակցութիւնը անոնց հանդէպ՝՝։
Գերապայծառ Հինտեր իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ որ Միջին Արեւելքի բնակիչներու մեծամասնութիւնը կ'ապրի սպասումի ու յուսալքումի մէջ։ Դժբախտաբար բռնութիւնները առօրեայ կեանքին մաս կը կազմեն, պատերազմի մթնոլորտ կայ հակառակ որ մարդիկը կը փափաքին՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան։ Վրեժխնդրութիւնը եւ ոխը պէտք չէ ըլլան վերջին խօսքը,մեր Տէրը Յիսուս մեզի պարտականութիւնն տուաւ քարոզելու սէրն ու ներումը։
Յայտնենք որ Զուիցերիոյ ժողովուրդապետութիւնները Քրիստոսի Յարութեան օրը դրամահաւաք կը կատարեն Ս. Երկրի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար եւ այդ պատճառաւ Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսները հաւատացեալներէն խնդրեցին որ առատաձեռն ըլլան։ Զուիցերիոյ Գարիթասը արդէն անմիջական օգնութեան յայտագիր մը պատրաստած է Սուրիոյ փախստականներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.