2012-04-06 12:28:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 6 ապրիլ 2012 - Աւագ Ուրբաթ
Այսօր յետ միջօրէի ժամը 17ին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ, կը գլխաւորէ Յիսուսի Չարչարանաց Յիշատակութեան Արարողութիւնը որուն ընթացքին Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Րանիէրօ Քանդալամեսսան Քարոզ մը կ՛արտասանէ հիմնուած Յովհաննէսի Յայտնութեան գիրգի (գլուխ 1, 18) <<Ես եմ կեանքը, ես եմ նոյնը որ մեռայ եւ ողջ եմ>> նախադասութեան վրայ եւ ներշնչուած Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու վարդապետութենէն։ Հայր Քանդալամեսսան իր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնէ օրուան ծիսական իմաստի` ու աւագ ուրբաթ օրուայ Յիսուսի չարչարանքի եւ խաչելութեան յիշատակութեան։

Երեկոյեան ժամը 21.15անց Հռոմի Գոլոսսէումի երկհազարամեայ անբիթատրոնի տարածքին վրայ Սրբազան Հայրը կը կատարէ ճանապարհ խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը։ Յաւարտ արարողութեան Նորին Սրբութիւնը` հոն համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն,, կը ջամբէ իր հայրական օրհնութիւնը։

Նշենք որ այս տարուայ ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւններու պատրաստութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով, յանձնուած է` աշխարհական զոյգի մը որ ընտրած են որպէս մտածականի նիւթ <<Ընտանիքը>> որպէս նախապատրաստութիւն Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս 30- մինչեւ 3 յունիս Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ։

Նշենք նաեւ որ ճանապարհ խաչի կայաններու 14 հանգրուաններու ընթացքին Խաչը պիտի կռեն Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին ու ապա Իտալիայէն, Իրլանտայէն, Պուրքինա ֆազօ Ափրիկեան ցամաքամասէն եւ Լատին Ամերիկայի Փերույէն ընտանիքներ ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն Սուրբ Երկրի երկու կրօնաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.