2012-04-06 12:35:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ Համապատարագի Ընթացքին Արտասանած Քարոզը։


Աւագ Հինգշաբթի օրուայ երեկոյեան ժամը 17.30-ին Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ կատարուած Համապատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր արտասանած քարոզին մէջ մատնանշելով Ադամ նախահայրին վերաբերմունքին` որ կը փափաքեր <<Աստուած դառնալ>> ըսաւ <<Հպարտութիւնը մեղքի ճշմարիտ էութիւնն է>> որ մեզ կը մղէ զԱստուած հեռացնելու մեր կեանքէն, մենք զմեզ աւելի <<ազատ>> զգալու համար։ Սակայն - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - մարդկութիւնը իր ազատութիւնը կը կորսնցնէ երբ զայն Տիրոջ դէմ կը գործածէ - ու աւելցուց - Յիսուս պարզեց հնազանդութեան եւ ազատութեան միջեւ կեղծ հասկացողութիւնը...եւ իր չարչարանքով ու հնազանդութեան օրինակով մեր առջեւ բացաւ ճշմարիտ ազատութեան ճանապարհը։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօր որուն ընթացքին Սուրբ հաղորդութիւնը տեպադրուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան վերապահուած յատուկէն պատրաստուած Մատուռի խորանի տապանակի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.