2012-04-06 12:35:54

Կարտինալ Ուիլիամ Լեւատա Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան-


Պէյրութ-Աւագ Հինգշաբթի օրը՝ ( 5 ապրիլի՝ առաւօտեան) կարտինալ Ուիլիամ Լեւատա՝ նախագահը Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովին, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը (Պէյրութ), եւ հանդիպում ունեցաւ ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին՝ արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեան, գեր. Հ. Սարգիս Դաւիթեան եւ Հ. Վարդան Գազանճեան: Կարտ. Լեւատային կ'ընկերանային Պապական Նուիրակ՝ Կապրիէլէ արք. Գաչչա, գերապայծառ Ֆրանսիս Քելլի եւ Կապրիէլէ Ֆերրուչչի:
Կարդինալ Լեւատա Լիբանան կը գտնուէր Պապական Նուիրակի յատուկ հրաւէրով՝ հանդիպում ունենալու համար, Լիբանանի կաթողիկէ «հաւատքի հասարակութիւններուն» մանաւանդ կարգ մը կրօնաւորական հասարակութիւններուն եւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ: Այս ծիրէն ներս է, որ հակիրճ այցելութեամբ մը պատուեց նաեւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, եւ առիթէն օգտուելով շնորհաւորեց Յիսուսի Ս. Յարութեան տօնը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշելէ ետք անոր տուած այցելութիւնը Հռոմի մէջ, բարձրաստիճան եկեղեցականին նուիրեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ՜՜Երգ Երգոցի՝՝ ֆրանսերէնով մեկնաբանութիւնը, արծարծելով Նարեկացիին ընդհանրական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու հարցը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեց նաեւ հայոց Մեծ Եղեռնը եւ այս տարուան յիշատակումը 24 Ապրիլին ու հրաւիրեց պապական նուիրակը մասնակցելու արարողութեան:
Վսեմաշուք կարտինալը հրաժեշտ առնելով մաղթեց Հոգեւոր Տիրոջ արդիւնաբեր եւ հոգեպարար Աւագ Շաբաթ մը, եւ երկու եկեղեցականները զիրար շնորհաւորհեցին Քրիստոսի Ս. Յարութեան Աւետիսով:








All the contents on this site are copyrighted ©.