Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Եւ Երկու Կալուածներ Վերադարձուած Են Իրական Տէրերուն։
Պոլսոյ երկլեզու ԱԿՕՍ շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ 1936էն ետք փոքրամասնութիւններէն
բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կողմէ արձակուած
2011ի Օգոստոս 28ի հռչակագիրին շնորհիւ, ցարդ իրենց իսկական տէրերուն վերադարձուած են
Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Դպրոցը, ապա Սուրբ Հրեշտակապետ
Հայկական Եկեղեցին, անոր Դպրոցն ու Գերեզմանատունը, ինչպէս նաեւ Քատըքոյ (ասիական- Պոլիս)
գտնուող Հրէական Սինակոկ մը: