2012-04-06 12:36:42

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ


Կաթողիկէ Եկեղեցին յաճախ գնահատականը կատարած է ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն: Անոնք ըստ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին ,Արհեստի հրաշալի գիւտ են, մարդոց կարիքներուն համապատասխանող (Concile Vatican 2, Inter mirifica, sur les moyens de comմunication sociale, 1):
41 տարիներ առաջ ,Communio et Progressioե ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու հովուական հաստատութիւնը շեշտը դրած էր հաղորդակցութեան միջոցներու աւետարանելու կարեւորութեան վրայ: Ան կը յայտարարէր թէ ,այսօրուան հաղորդակցութեան միջոցները, մարդուն համար նորանոր ուղղութիւններ կը յարուցանեն աւետարանի պատգամին հետ հանդիպելու (Communio et Progressio, 128):
Նոյն ուղղութեամբ, Պօղոս Զ. քահանայապետը, Evangelii nuntiandi քահանայապետական յորդորանքին մէջ կը շեշտէ հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան անհրաժեշտութիւնը ըսելով. ,Եկեղեցին մեղապարտ պիտի զգար ինքզինք Աստուծոյ առջեւ, եթէ չ'օգտագործէր ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները, աւետարանելու գործին մէջ (Exհortation Apostolique, Evangelii nuntiandi, 45):
Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքի հովուական կազմաւորման 352-րդ կանոնին մէջ կը կարդանք թէ ժառանգաւորները նախ եւ առաջ պարտին ընտելանալ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան (Code des Canons des Eglises Orientales, 1990, p. 271):
Ահաւասիկ կարգ մը վկայութիւններ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու անհրաժեշտութեան մասին: Սակայն հարց կու տանք. արդեօք զանգուածային լրատուական ու հաղորդակցական միջոցները, իրօ՞ք դերակատար են մարդու կեանքին մէջ: Լրատուամիջոցներու ունեցած ազդեցութեան շուրջ տարաձայնութիւններ կան: Անգլիացի ժամանակակից սոսիոլոկ ՝ Անտոնի Գիդենզը, թեմա դարձուցած էր մարդու կեանքին մէջ լրատուամիջոցներու ազդեցութիւնը եւ փաստարկներ ու օրինակներ ներկայացնելով, ապացուցած է, որ հեռատեսիլի նման լրատուամիջոցներուն քաղաքացիներու կրած ազդեցութիւնը անհերքելի փաստ մըն է: Ան կը շարունակէ գրել որ հանրային տեղեկատուութիւնը կ'ազդէ մեր անհատական ու հասարակական կեանքի շատ մը կողմերու վրայ: Այս ազդեցութիւնները երեւան կու գան այն պատճառով, որ հաղորդակցութեան միջոցները մեզ կ'օգնէն ձեռք բերելու տեղեկութիւններ, որոնց հետ կապուած են հասարակական գործունէութիւնները: Որպէս օրինակ, եթէ մենք անհրաժեշտ չհամարէինք տեղեկութիւններուն հասանելիութիւնը, երբեք ազգային ընտրութիւններու չէինք մասնակցէր: Գիդենզը լրատուամիջոցներու, յատկապէս հեռատեսիլի գերիշխանութեան ու ծավալման մասին անդրադառնալով իրէ մտոհոգութիւն կը յայտնէ մարդու կեանքի վրայ անոր հետեւանքներու կապակցութեամբ: Իրեն համաձայն, եթէ նոյն առագութեամբ առաջ երթայ հեռատեսիլի դիտելու գործընթացը, ապա այսօր ծնած երեխան մինչեւ 18 տարեկան միջին հաշուով, քնելէն բացի, իր ժամերու մեծ մասը հեռատեսիլի համար կը հատկացնէ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, բոլոր երկիրներուն մարդիկ աւելի քիչ ժամեր կը հատկացնէն, ժամանցային գործերու համար, ինչպէս հարազատներուն այցելելու, զրուցելու, ձեռային աշխատանքներ կատարելու, մարմնամարզութիւն ընելու, անգամ իսկ քնանալու համար, ժամերու մեծ մասը համակարգչի մօտ կ'անցնեն: Դեր աւելի՛ն, քանիներ ժամանակ կը տրամադրեն Աստուծոյ հետ խօսակցելու: Չենք ըսեր քանի ժամեր, այլ քանի վայրկեաններ կը տրամադրեն իրենց Արարիչին համար: Դժբախտաբար, մարդիկ պատրաստ են ֆիլմի մը համար ժամեր եւ ժամեր տրամադրելու, սակայն Աստուծոյ համար օրական 5 վայրկեան չունին: Վախ ունին լռութենէն, Հակառակ անոր որ լռութիւնը նաեւ հաղորդակցութիւն է, ինչպէս կ'ըսէ Պենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 46րդ օրուան առթիւ յղած պատգամին մէջ. ,Լռութիւնը հաղորդակցութեան պակասը չէ, այլ՝ մաս կը կազմէ այն տեղեկութիւններու եւ պատգամներու հոսանքին, որ կը բնորոշէ հաղորդակցութեան նոր մշակոյթը։ Խօսքը կը բխի լռութենէն ու անոր կը վերադառնայե: Ան կը շարունակէ ըսելով. ,Մարդը լռութեան մէջ կը գտնէ կարելիութիւնը խօսելու Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ մասինե: Շեշտը դնելով աւետարանիչներու առաքելութեան վրայ Պենեդիկտոս ԺԶ. կը պատգամէ. ,Լռութիւնն ու խօսքը եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան հիմնական եւ լրացուցիչ տարրերն են Քրիստոսի պատգամը տարածելու՝ ժամանակակից աշխարհի մէջե:








All the contents on this site are copyrighted ©.