2012-04-06 12:37:05

«Մենք Պիտի Շարունակենք Կրօնական Համայնքներուն Համար Թուրքիոյ Մէջ Անհրաժեշտ Բարեփոխումները Կատարելու Հարցին Մէջ Արթուն Ըլլալ» (Կ՛ըսէ Հիլըրի Քլինթըն) ։


Ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին, դեմոկրատական քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցւոյ կալուածներու վերադարձին վերաբերեալ գրաւոր հարցումներ:
Քլինթըն քոնկրեսական Պըրմընի` ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ հարցումին իբրեւ պատասխան յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, կողմերուն ղարաբաղեան տագնապի տեւական եւ խաղաղ լուծման հարցին մէջ աջակցելու հակումը ունին: Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդգծեն, որ կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն ինչպէս հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ, այնպէս ալ գործողութիւններուն մէջ` սխալ հասկացողութիւններէն եւ անցանկալի հետեւանքներէն խուսափելու համար: Բոլոր հնարաւոր առիթներուն մենք կը կրկնենք, որ տագնապի զինեալ լուծում գոյութիւն չունի, եւ միայն խաղաղ լուծումը կրնայ շրջանին մէջ ապահովութեան, կայունութեան եւ վերամիաւորման յանգեցնել: Կը ցաւինք իւրաքանչիւր մահուան համար եւ պիտի շարունակենք կողմերուն կոչ ուղղել` ձեռնարկելու քայլեր, որոնց շարքին արձակազէններու հեռացումը` բանակցութիւններու մթնոլորտի բարելաւման, անցանկալի զոհերէն խուսափելու եւ հրադադարի դրութեան ամրապնդման նպատակով:
Իսկ այն հարցումին, թէ «դուք գո՞հ էք, որ Թուրքիա պարտաւորուած է վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները հայերուն եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, որոնք ապրած են այդ տարածքներուն մէջ` աստուածաշնչական ժամանակներէն», Քլինթըն պատասխանած է ըսելով «Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդունին, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած են, սակայն թրքական կառավարութիւնը արդէն շօշափելի քայլերու կը ձեռնարկէ` կրօնական համայնքներուն ինչքերը վերադարձնելու համար»:
Ան նշած է, որ այս քայլերը զիրենք կը խրախուսեն եւ իրենք թրքական կառավարութիւնը կը յորդորեն շարունակել վիճելի գոյքը իրենց իրական տէրերուն վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ նոր սահմանադրութեան մշակման ընթացքին բարեփոխումները շարունակել:
«Մենք պիտի շարունակենք կրօնական համայնքներուն համար այդ երկրին մէջ անհրաժեշտ բարեփոխումները կատարելու հարցին մէջ արթուն ըլլալ», ըսած է Քլինթըն:








All the contents on this site are copyrighted ©.