2012-04-05 12:27:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Միւռոնօրհնէքի Սուրբ Պատարագի Ընթացքին


RealAudioMP3 Հինգշաբթի 5 ապրիլ - Աւագ Հինգշաբթի - առաւօտեան ժամը 9.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ, եպիսկոպոսական եւ կարտինալական դասի մասնկացութեամբ, նախագահեց միւռոնօրհնէքի եւ քահանայութեան հասատտումի սուրբ պատարագին որուն ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ շեշտը դրաւ այսօրուայ համապատարագի իմաստին վրայ որ - ըսաւ Ան - մեզ կը մղէ յիշելու այն օրը երբ Եպիսկոպոսը աղօթելով մեզ ձեռնադրեց եւ մեզ ներկայացուց ըլլալու Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները <<սրաբանալով ճշմարտութեան մէջ>>։
Ան (Քրիստոս) որ նոյնինքն ճշմարտութիւնն է մեզ օծեց եւ մեզ մշտատեւօրէն յանձնեց Աստուծոյ որպէսզի Անոր միջոցաւ ծառայենք մարդկանց։
Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւխ <<Իր՞օք անձեր ենք որ Յիսուսի հետ հաղորդութեան մէջ կը գործենք>>։ Մեզմէ կը խնդրուի - ըսաւ Ան- որ մեր կեանքը դնենք ուրիշներու տրամադրութեան տակ։ Հարց չտանք թէ ի՞նչ շահ ունինք այլ ինչ կռնամ նուիրել ես Յիսուսին եւ եղբայրակիցներուս։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով կիներու քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդի մատակարարման մասին ըաւ. Ինչպէս իմ նախորդս` երջանկայիշատակ ՅՊԲ Քահանայապետը յայտարարած էր <<Տէրը այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ ոչ մի իշխանութիւն տուաւ>>։ Սրբազան Հայրը ապա զգուշացուց այն վտանգէն եկեղեցւոյ ընթացքը համակերպելու մեր անձնական կամքին։

Սիրելի բարեկամներ` Քրիստոսի նմանիլը եւ անոր կամքին համակերպիլը նախապայմանն է որեւէ մէկ նորոգումի իղձին։

Սրբազան Հայրը հուսկ նադրադրձաւ քահանայական ձեռնադրութեան խոստումներու հաստատումի մասին ըսելով. Մենք Աստուծոյ խորհուրդներու մատակարարողներն ենք եւ մեզի կ՛իյնայ նաեւ դաստիարակելու պարտականութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Կարտինալական դասի վերջին հաւաքի ընթացքին արծարծուած <<հոգեւոր տգիտութեան>> հարցին մասին։ Աստուած սիրելու համար եւ անոր ձայնը մտիկ ընելու համար մենք պէտք է իմանանք թէ ինչ ըսաւ մեզի Աստուած. Մեր բանակցութիւնը եւ մեր սիրտը Անոր Խօսքը ունկնդրելու են։ Հաւատոյ Տարին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի աշխատանքներու բացման 50րդ տարեդարձին առթիւ, ըլլալու է առիթ մը, նոր եռանդով եւ նորոգուած ուրախութեամբ, աւետելու` հաւատքի պատգամը։

Մեր ամէն մէկ աւետիսը չափելու ենք Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն հետ։ Անձնական գաղափարներ չեն այլ եկեղեցւոյ հաւատքի վարդապետութիւնն է` որուն կը ծառայենք։ Մարդիկ զգալու են մեր եռանդը Յիսուս Քրիստոսի աւետարանի մեր տուած հաւատալի վկայութեան միջոցաւ։
Աղօթենք Տէրը որ լիացնէ մեզ իր պագտամի ուրախութեամբ որպէսզի ուրախ եռանդով ծառայենք անոր ճշմարտութեան եւ անոր սիրոյն։ Ամէն։

Պատարգի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը կատարեց նաեւ միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.