2012-04-05 12:33:49

Դերասան Ալեն Տելոն Մոսկուա Պիտի Մեկնի Յատուկ "Armenia Music Awards" ին Մասնակցելու Համար:


Ֆրանսացի աշխարահռչակ դերասան Ալեն Տելոն, որ Ապրիլ 4ին հիւանդանոց տեղափոխուած էր սրտային հետ կապուած խնդիրներու պատճառով, հակառակ առողջական խնդիրներուն, կը պատրաստուի Մոսկուա մեկնիլ յատուկ Armenia Music Awards-ի կամ «Արմենիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեանը մասնակցելու համար, կը հաղորդէ «Ռիա նովըստի»ն` մէջբերելով «Armenia production» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վալերի Սահարեանը:
Տելոն տեղափոխուած էր փարիզեան Նէյի Սիւր Սեն արուարձանի ամերիկեան հիւանդանոց: Այնտեղ ծրագրաւորուած գործողութիւն իրականացուած է, որ տեւած է 10 վայրկեան:
Parisien պարբերականի տեղեկութիւններով, դերասանը արդէն այսօր 5 Ապրիլ տուն վերադառնայ։
«Ալեն Տելոնի օգնականը յայտնած է, որ դերասանը ինքզինք լաւ կը զգայ եւ կը պատրաստուի Մոսկուա մեկնիլ` «Արմենիա» երաժշտական մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու համար» (ըսած է Վալերի Սահարեան) :








All the contents on this site are copyrighted ©.