2012-04-05 12:33:07

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ


Աւագ Շաբաթը մեր ծիսական խորհուրդներու մեծագոյն շաբաթն է։
Այդ շաբթուան գլխաւոր տօնն է Աւագ հինգշաբթին, որու ընթացքին` կը կատարուի յիշատակութիւնը քրիստոնէական կարեւորագոյն խորհուրդներուն, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին եւ քահանայութեան խորհուրդին, զոր Քրիստոս հաստատեց այն օրը։
Նախ եւ առաջ` Յիսուս ուզեց տալ խոնարհութեան դաս մը իր աշակերտներուն։ Մէջքին կապեց անձեռոց մը եւ գետինը ծունկի գալով` սկսաւ անոնց ոտքերը լուալ մէկիկ մէկիկ։ Մինչ այդ աշակերտները վարժ էին միշտ ծառայելու Յիսուսի եւ իր հրամանները կատարելու. Այդ օր` Յիսուս ուզեց ծառայել եւ ամենախոնարհ ծառայութիւնը մատոյց անոնց ոտքերը լուալով։
Այս դէպքը կը յիշատակուի բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներու մէջ` Ոտնլուայի արարողութեամբ, որ կը կատարուի երեկոյեան դէմ, եւ որուն ընթացքին` Աւագերէցը, ըլլայ ան Պատրիարք, եպիսկոպոս, կամ վարդապետ խոնարհաբար կը ծռի եւ կը լուայ ոտքերը 12 անձերու, ընտրուած ընդհանրապէս մանուկներու մէջէն, կարգ մը տեղեր` ժողովուրդին մէջէն։
Այս արարողութենէն ետք, աւագերէցը սովոր է համապատարագել ներկայ բոլոր քահանաներուն հետ, որովհետեւ այն օրն է որ Յիսուս կատարեց առաջին պատարագը, երբ առաւ հացը, զայն օրհնեց, բեկանեց եւ բաժնեց առաքեալներուն, ըսելով. Առէք կերէք, ասիկա իմ մարմինս է. Ապա առաւ գինիի բաժակը, նոյնպէս օրհնեց եւ տուաւ աշակերտներուն որպէսզի խմեն անկէ, ըսելով. Առէք խմեցէք, ասիկա նոր ուխտի իմ արիւնս է որ պիտի հեղու ձեր մեղքերու փրկութեան համար։ Իսկ այս բոլորէն ետք` աւելցուց. Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար։ Ահա այս պատճառաւ է որ առաքեալները, ինչպէս նաեւ իրենց յաջորդները եւ բոլոր Եկեղեցին, մինչեւ այսօր կը կատարեն Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, կղերականները ամէն օր, իսկ հաւատացեալներուն վրայ պարտականութիւնը կայ ամէն կիրակի սուրբ պատարագի ներկայ գտնուելու։
Երկրորդ խորհուրդը` քահանայութիւնը, հաստատուեցաւ երբ Յիսուս պատուիրեց առաքեալներուն կատարել այս խորհուրդը, ճիշտ ինչպէս ինք զայն մատուցած էր իրենց, ժողովուրդի բարիքին համար, որպէսզի յիշեն միշտ իր խաչի զոհը եւ մասնակից դառնալով այս զոհաբերումին, ընդունին առատ շնորհքներ աստուածային բարութենէն։ Միայն առաքեալները եւ իրենց յաջորդները, այսինքն եպիսկոպոսներն ու քահանաները, իրաւունք ունին Սուրբ Պատարագի զոհը մատուցանելու։
Եւ ահա կու գանք կը հասնինք այն սոսկալի գիշերուան երբ ամէն ինչ պիտի կատարուի. Յուդա կը բացակայի եւ կը մատնէ Հրէաներուն իր Տիրոջ Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն գտնուած տեղը։ Ապա զանոնք կ՛առաջնորդէ դէպի Ձիթենեաց պարտէզը։ Զինուորները կը ձերբակալեն Յիսուսը եւ կը տանին Հրէական քահանայապետական ատեանին առջեւ, ուր կը դատուի եւ կը դատապարտուի մահուան։ Պետրոս կ՛ուրանայ զինք եւ աշակերտները կը փախչին, լքելով զինք։
Այս բոլորին յիշատակութիւնը հայ եկեղեցին կը կատարէ շատ յուզիչ արարողութեամբ մը, ոը կը կոչուի խաւարման գիշեր եւ որ կը տեւէ մօտաւորապէս 5 ժամ. Կղերն ու ժողովուրդը կը հսկեն Յիսուսի հետ, խորհրդածելով ու վերյիշելով անոր չարչարանքներն ու տառապալից գիշերը։ Երբեմն կը կոչուի նաեւ լացի գիշեր, այն շատ յուզիչ շարականներուն համար որոնք կ՛երգցուին այդ գիշեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.