2012-04-05 12:32:51

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Քարոզը Աւագ Հինգշաբթի Օրուայ Սրբազան Արարողութեան ընթացքին։


RealAudioMP3 Լիբանան- Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած՝ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Ս Պատարագին ընթացքին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր քարոզը կեդրոնացուց տօնին խորհուրդին ու նշանակութեան վրայ եւ ըսաւ.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Աւագ Հինգշաբթի օրը, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս հաստատեց 2 կարեւոր խորհուրդներ՝ Առաջին՝ ՜՜Քահանայութեան՝՝ խորհուրդը, որ կը պարփակէ Սարկաւագութիւնը, Երիցութիւնը եւ Եպիսկոպոսութիւնը։ Եւ երկրորդ՝ ՜՜Ս. Հաղորդութեան՝՝ խորհուրդը, որը կը կոչենք Ս. Պատարագ։
Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը Յիսուս Հաստատեց երբ կը տօնէր իր աշակերտներուն հետ հրէական զատիկը։ «Ընթրիքի ժամանակ,( Ս. Աւետարանը կ՚ըսէ) Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն բաժնելով՝ ըսաւ. Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա իմ մարմինս է։ Յետոյ բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց եւ տուաւ աշակերտներուն՝ ըսելով. Խմեցէ՛ք ատկէ ամէնքդ, ասիկա իմ արիւնս է նոր ուխտի» (Մտթ 26, 26-28)։
Այս խօսքերով, հրէական զատիկը, ի յիշատակ հրեայ ժողովուրդի ազատումին Եգիպտոսի լուծէն, Յիսուս դարձուց իր նոր Ուխտին, որ պիտի կնքէր յաջորդ օրը իր մահով խաչին վրայ, բոլոր մարդոց փրկութեան համար։
Իսկ Քահանայութեան խորհուրդը Յիսուս հաստատեց, փոխակերպելէ ետք հացն ու գինին իր Ս. Մարմինին եւ իր Ս. Արիւնին, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ասիկա ըրէ՛ք իմ յիշատակիս համար» (Ղկ. 22,19)։ Առաքեալները եւ անոնց յաջորդները մինչեւ մեր օրերը, կատարեցին Յիսուսին կամքը Ս. Պատարագներ մատուցելով։ Ասկէ մենք կը ճաշակենք Յիսուսին Ս. Մարմինը եւ Անոր Ս. Արիւնը, ինչպէս նաեւ կ՚ընդունինք խոստումը յաւիտենական կեանքի՝ Ս. Աւետարանի խօսքին համաձայն. «Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իր արիւնս, յաւիտենական կեանք ունի, եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը։
Այս խօսքերով, Ս. Հաղորդութիւնը դարձաւ հարկաւոր կերակուր մը ամէն քրիստոնեայի համար, որ ոյժ կու տայ ամէն մարդու՝ հոգնած մարդուն ու սպառած անձին, եւ կ՚ուղղէ ճամբան կորսնցնողին, որպէսզի ամէն հաւատացեալ կարենայ իր կեանքին ճանապարհը շարունակել Յիսուսի ետեւէն եւ Անոր լոյսով, որ է Աստուծոյ խօսքը։
Արդարեւ, սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քու խօսքդ, Տէ՛ր, ճրագ է իմ քայլերուս եւ լոյս՝ իմ ճանապարհիս» (Սղ. 119-105)։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ պատգամեց որ քրիստոնեաները լաւ պատրաստուին ընդունելու՝ Ս. Հաղորդութիւնը, խոստովանանքի, ապաշխարութեան խորհուրդով եւ անկեղծ կերպով զղջալով մեղքերուն վրայ։
Յոյժ սիրելիներ, (ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը) լաւ պատրաստուինք մաքուր սրտով ընդունելու համար Ս. Հաղորդութիւնը՝ մեր գործած մեղքերուն վրայ զղջալով եւ, ի հարկին, ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդը ստանալով, որպէսզի մեր մասնակցութիւնը Ս. Պատարագին, որ անհրաժեշտ է ապրելու համար որպէս իսկական քրիստոնեաներ, արդիւնաւոր դառնայ եւ չըլլայ լոկ սովորութիւն ու դառնայ գագաթնակէտը մեր աղօթքներուն։
Վերջին ընթրիքի ժամանակ Յիսուս յայտնեց իր աշակերտներուն որ անոնցմէ մէկը զինք պիտի մատնէր եւ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը հարց կու տար թէ արդեօք ի՞նք էր...արդարեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը երբ մեղանչէ ինք է որ կը մատնէ Յիսուսը...ըսաւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.)
Վերջին ընթրիքի ժամանակ, Յիսուս կը յայտնէ առաքեալներուն, որ անոնցմէ մէկը զինք պիտի մատնէ։ Ս. Աւետարանը կ՚ըսէ. «Ծանր տխրութիւն մը իջաւ աշակերտներուն վրայ եւ սկսան իւրաքանչիւրը ըսել՝ Արդեօք ե՞ս եմ, վարդապետ» (Մտթ 26,22)։ Ճիշդ է որ Յուդայի մատնութիւնը պատմութեան մէջ ամենամեծ մատնութիւնը կը համարուի։ Բայց պէտք չէ կը մոռնանք թէ մենք ալ կը մատնենք Յիսուս ամէն անգամ որ Աստուծմէ առաջ մեր հաշիւները կը նախադասենք՝ երբ մեր հանգիստը, մեր շահը եւ մարդոց բարեկամութիւնը Աստուծմէ աւելի կարեւոր կը նկատենք։ Այս ձեւով, անհաւատարիմ կը գտնուինք Յիսուսին դէմ եւ կը զոհենք մեր հաւատքին սկզբունքները։
Սակայն, իսկական հաւատքը կարելի չէ բաժնել խոնարհութենէն։ Արդ, անկեղծ խոնարհութեան առաքինութիւնը հազուագիւտ է։ Անոր պակասէն, հրեշտակներ անգամ մեղանչեցին եւ դարձան չար հոգիներ, որովհետեւ չուզեցին ենթարկուիլ Մարդ Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Անոր պակասէն, Ադամ եւ Եւա դրախտէն դուրս վռնտուեցան, որովհետեւ ուզեցին Աստուծոյ հաւասար դառնալ եւ անհնազանդ գտնուեցան՝ հետեւելով օձին թելադրանքին։ Բայց Յիսուս կ՚ապսպրէ իր աշակերտներուն, այսինքն՝ իր բոլոր հետեւորդներուն այսինքն՝ մեզմէ ամէն մէկուն, որ իրմէ սորվինք խոնարհութիւնը։ Կ՚ըսէ. «Սորվեցէ՛ք ինձմէ որ սրտով հեզ եմ եւ խոնարհ, ու պիտի գտնէք հանգիստը ձեր հոգիներուն» (Մտթ 11,29)։ Յիսուս տեսական խրատներ չի տար։ Նախ՝ ինք կը գործէ, անկէ ետք միայն մեզմէ կը խնդրէ որ իր օրինակին հետեւինք։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նաեւ խօսեցաւ խոնարհ ըլլալու մասին, (որ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հաւատացեալ) ցոյց տալով որ Յիսուս ինք տուաւ օրինակը լուալով իր աշակերտներուն ոտքերը...եղէք անկեղծ խոնարհներ ըսաւ ան. տալով շօշափելի օրինակ մը համայնքի կեանքէն. Լիբանանին մէջ դժբախտաբար, տեղերու առաջնութիւնը կը գործադրուի, որ հարուած մըն է խոնարհութեան դէմ։ Օր մը, Ս. Հաղորդութիւնը բաժնելու ժամանակ, տարեքոտ կին մը առաջինը մօտեցաւ Ս. Հաղորդութիւն առնելու համար։ Կարեւոր պարոն մը մօտեցաւ ինքն ալ եւ իր արմուկով հրեց տարեքոտ կինը, որպէսզի ինքը ըլլայ առաջին հաղորդուողը։ Երեւակայեցէք ի՜նչ գայթակղեցուցիչ գործ։ Անձ մը որ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը կը ճաշակէ՝ եղբայրասիրութեան դէմ գործելով։ Յայտնի է որ այդ պատկառելի անձը բան մը չէ հասկցած Ս. Հաղորդութեան մասին։ Պարզապէս կ՚ուզէր իր prestige- ը փրկել։ Կը հասկնա՞ք որ խոնարհութիւնը դիւրին չէ։ Բայց ան անկարելի չէ, քանի Յիսուս ինքը մեզի ապսպրեց որ զայն իրմէ սորվինք եւ անով ապրինք։
Այսօրուայ ՜՜Ոտնլուայի արարողութիւնը՝՝ բացայայտ փաստ մըն է Յիսուսի խոնարհութեան։ Աշակերտներն անգամ զարմացած մնացին եւ Պետրոս առաքեալը փորձեց նոյնիսկ արգիլել Յիսուսին որ իր ոտքերը լուայ։ Ս. Աւետարանը կ՚ըսէ. «Երբ Յիսուս լուաց ամենուն ոտքերը... դարձեալ բազմեցաւ եւ անոնց ըսաւ. Կը հասկնա՞ք ինչ որ ըրի ձեզի։ Վարդապետ եւ Տէր զիս կը կոչէք եւ լաւ կ՚ընէք, որովհետեւ այդպէս ալ եմ։ Ուրեմն եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ։ Օրինակ մը տուի ձեզի, որ ինչ որ ես ըրի ձեզի՝ դուք ալ նոյնը ընէք իրարու» (Յովհ. 13,12-15)։ Յիսուսի օրինակին հետեւելով, միշտ գտնուեցան քրիստոնեաներ, որոնք առանց ամչնալու ամենէն խոնարհ եւ համեստ ծառայութիւններ մատուցած են ուրիշներուն։ Անկեղծ խոնարհները քիչ են, ոմանք ալ կը ձեւանան խոնարհութիւնը, բայց եթէ նեղի մատնուին՝ անմիջապէս կը յայտնեն իրենց ամբարտապանութիւնը։ Լիբանանին մէջ դժբախտաբար, տեղերու առաջնութիւնը կը գործադրուի, որ հարուած մըն է խոնարհութեան դէմ։ Օր մը, Ս. Հաղորդութիւնը բաժնելու ժամանակ, տարեքոտ կին մը առաջինը մօտեցաւ Ս. Հաղորդութիւն առնելու համար։ Կարեւոր պարոն մը մօտեցաւ ինքն ալ եւ իր արմուկով հրեց տարեքոտ կինը, որպէսզի ինքը ըլլայ առաջին հաղորդուողը։ Երեւակայեցէք ի՜նչ գայթակղեցուցիչ գործ։ Անձ մը որ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը կը ճաշակէ՝ եղբայրասիրութեան դէմ գործելով։ Յայտնի է որ այդ պատկառելի անձը բան մը չէ հասկցած Ս. Հաղորդութեան մասին։ Պարզապէս կ՚ուզէր իր prestige- ը փրկել։ Կը հասկնա՞ք որ խոնարհութիւնը դիւրին չէ։ Բայց ան անկարելի չէ, քանի Յիսուս ինքը մեզի ապսպրեց որ զայն իրմէ սորվինք եւ անով ապրինք։
Սովորաբար, հպարտ մարդը չ՚ընդունիր դիտողութիւն։ Եթէ սխալի, կը ջանայ ինքզինք շուտով արդարացնել։ Իսկ խոնարհը կը մտածէ թէ դիտողութիւնը իրեն համար օգնութիւն մըն է ինքզինք սրբագրելու համար։ Հպարտ մարդը ինքզինք շարունակ կը գովէ, իր աղէկ ըրածները ուրիշներուն պատմելով, որպէսզի անոնք լաւ գաղափար կազմեն իր մասին։ Իսկ խոնարհ մարդը, եթէ յաջող գործեր կատարէ, անոնց յաջողութիւնը Աստուծոյ կը վերագրէ եւ Աստուծոյ փառք կու տայ ու գովասանքներէն կը խուսափի։ Հպարտ մարդը չի սիրեր խոստովանանք ըլլալ եւ ամէն տեսակ պատճառ կը գտնէ անոր չմօտենալու համար, որոնցմէ մին՝ քահանան ալ մեղաւոր է։ Իսկ խոնարհ անձը յաճախ խոստովանանքի խորհուրդին կը մօտենայ, քաջ գիտնալով որ ինք մեղաւոր է եւ թէ կարիք ունի այդ խորհուրդի շնորհքներուն՝ կրկին անգամ մեղքին մէջ չիյնալու համար։ Կը նկատէ խոստովանանքը որպէս Աստուծոյ սիրոյ նշան իրեն նկատմամբ։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, հայցենք Ս. Կոյս Մարիամէն, որ մեզի նեցուկ հանդիսանայ եւ մեզի մօտ ըլլայ միշտ մօր մը պէս , որ կը հոգայ իր զաւակները, որպէսզի Յիսուսի նման մենք կարենանք հեզ եւ խոնարհ ըլլալ եւ մեր հոգիներուն հանգիստը գտնել ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքը, ըստ Յիսուսի խոստումին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.