2012-04-04 14:53:29

Վրաստանի Հայ Համայնքի Դիմումը՝ Թիֆլիսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշաքար Տեղադրելու Խնդրանքով .....


«Վրաստանի Հայ Համայնք»ը դիմած է Թիֆլիսի քաղաքապետարանին եւ Քաղաքային խորհուրդին (օրէնսդիր մարմնին)` խնդրելով թոյլ տալ մայրաքաղաքի մէջ տեղադրել յուշաքար` նուիրուած 1915-23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Վրաստանի հայ համայնք»ի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն:
«Մենք, Վրաստանի հայ քաղաքացիներս, թիւով Վրաստանի մէջ երկրորդ, Թիֆլիսի մէջ` առաջին ազգային փոքրամասնութիւնն ենք: Հակառակ բազմաթիւ դիմումներու եւ խնդրանքներու, առ այսօր 1915-23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ոչ մէկ յուշարձան-խորհրդանիշ Թիֆլիսի մէջ չունինք:
Մենք` ներքոստորագրեալներս, կը խնդրենք հաշուի առնել մեր արդար ցանկութիւնը եւ Համայնքին իրաւունք տալ 1915-23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշաքար տեղադրել»,- ըսուած է դիմումին մէջ:
Դիմումին տակ ստորագրած են «Վրաստանի Հայ Համայնք»ը (ՎՀՀ), «ՎՀՀ Ուսանողական միութիւն»ը, «ՎՀՀ Երիտասարդական միութիւն»ը եւ «ՎՀՀ Պատանեկան միութիւն»ը:
Նշենք որ առաջին անգամ չէ որ նման խնդրանք մը կը ներկայացուի սակայն Թիֆլիսի քաղաքապետարանը կ'անտեսէ 1915-23-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան ունենալու` Թիֆլիսահայերուն փափաքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.