2012-04-04 14:51:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 4 ապրիլ 2012 առաւօտեան ժամը 10.30 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։ Ունկնդրութեան ընթացքին, ի տես հակամարդկային ականներու հարցին շուրջ իրազեկութեան միջազգային օրուայ նշումին, Նորին Սրբութիւնը կոչ մը ուղղեց, որուն մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնեց ականներու զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու քաջալերեց այս ուղղութեամբ գործող բոլոր մարդիկը շարունակելու իրենց յանձնառու գործունէութիւնը ազատելու մարդկութիւնը այս ահաւոր կործանիչ ականներէն որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդկութեան <<միասնաբար յառաջանելու կենաց ճանապարհի վրայ առանց մտավախութիւն ունեանլու կործանումի եւ մահուան դարաններէն։ >>։

Իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Մէքսիքօ եւ Գուպա վերջերս կատարած առաքելական ճամբորդութեան հանգրուաններուն, որ <<սքանչելի տպաւորութիւն թողուցին վրաս>> ըսաւ Ան։
Տէրը ինծի շնորհքը պարգեւեց այցելելու այս ցամաքամասը ու քաջալերելու այնտեղի բնակիչները ապրելու յոյսի մէջ եւ միասնաբար աշխատելու աւելի լաւ ապագայի մը համար։

Մէքսիքոյի մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - յիշեցնել տուի մարդ արարածի հիմնական իրաւունքներու ճանաչումը որոնց շարքին կրօնական ազատութիւնը։ Անոնց արտայայտած ուրախութեամբ մօտէն շօշափեցի երկրի քրիստոնեաներու տոկուն յոյսը հոն տիրող ուժգնութիւններուն եւ կաշարակերութեան հանդերձ։ Յիսուսի աշակերտը պէտք է ցոլացնէ քրիստոնեայ ըլլալու եւ եկեղեցւոյ պատկանելու ուրախութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - նա մանաւանդ դժուարութեան պահերուն։ Ապա անդրադարձաւ Գուպայի հովուական այցելութեան ուր - ըսաւ Ան - քաջալերեցի կաթողիկէ եկեղեցին շարունակելու աւետարանը քարոզելու իր առաքելութիւնը։ Անոնց ըսի որ Գուպան եւ աշխարհը պէտք ունին նորգուելու եւ այս կարելի է երբ ամէն մէկը կը մտի իսակական ճշմարտութեան որուն միջոցաւ ձեռք կը բերուի խաղաղութիւնը։ Երբ Աստուած մերժուած է աշխարհը անհիւրասեր կը դառնայ մարդուն համար - հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու շարունակելով իր ճառը ըսաւ <<Սիրելի Բարեկամներ ահա կը սկսինք Սուրբ Զատկուայ պատրաստողական շրջանի երօրեան որուն ընթացքին կ՛ապրինք Հաւատոյ կեդրոնական խորհուրդը. Քրիստոսի չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը։
Յիսուսի ամբողջ կեանքը կեդրոնացած այս ժամուն վրայ. Սէր մինչեւ մահ>>։
Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<Թոյլ տանք որ այս սէրը մեզ ալ խրախուսէ եւ մեզ բարեփոխէ որպէսզի մեր մէջն ալ իրականանայ Յարութեան հրաշքը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, զանոնք յանձնառարելով որ Յիսուսի չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը ըլլան խթան իրենց քրիստոնէական վկայութեան, նեցուկ` դժուար պահերուն եւ քաջալերանք ընտանիքը դարձնելու պտղաբեր եւ հաւատարմութեան վայր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.