2012-04-04 14:53:20

Լոյս Տեսաւ «Մեծ Եղեռն»ի Յունարէն Տարբերակը։ Հեղինակը Իտալացի Փաոլօ Քոսսի (Paolo Cossi)։


«Մեծ Եղեռն»ը իրար հակադրուող զգացումներու՝ յուսահատութեան եւ սիրոյ, բարոյալքումի եւ յոյսի ողբերգա- կան պատմութիւն մըն է, որ կը նկարագրուի իտալացի հեղինակ Փաոլօ Քոսսիի պատկերազարդուած էջերուն ընդմէջէն։ Այս մասին կը գրէ Յունաստանի «Ազատ օր» օրաթերթը։
Հայոց Ցեղասպանութեան դէպքերու նկարագրումը առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի պատկերազարդուած, ձեւով,այցինքն պատմուաքծները գծանկարներով եղած եմ(fumetto): Զօրաւոր զգացումներու տէր՝ գիրքի հերոսները, դաժան իրականութիւնը կ’ապրին օրէ-օր, իրենց անձնական փոքրիկ պատմութիւններով, անմեղութեան եւ քաջութեան, վերապրումի եւ բարեկամութեան դասեր քաղելով:
Արդիական ոճով պատրաստուած գիրքի էջերէն կը ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան վայրագ պատմութիւնը, ընթերցողին ծանօթացնելով տարբեր հանգրուանները: Գիրքը հրատարակուած է Իտալերէով , յաջորդաբար լոյս տեսած է թարգմանաբար Անգլերէն, ֆրանսերէն, Սպաներէն եւ Քորէայի լեզուներով: Հինգ լեզուներով լոյս տեսած գիրքը այժմ կը հրատարակուի Յունարէնով, իսկ հեղինակի փափաքն է զայն տեսնել նաեւ հայերէն տարբերակով՝ հայկական տպագրութեան նուիրուած 500-ամեակի աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Գիրքի ներածականը կատարած է հանրածանօթ Իտալահայ Գրագիտուհի Անթոնիա Արսլան:
Փաոլօ Քոսսի ծնած է Փորտենոէ (հիւսիսյաին իտալիա) 1980-ին
Շատ խնամուած եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած «Մեծ Եղեռն»ի հրատարակութիւնը կատարուած է «Արմենիքա» պարբերաթերթի եւ «Ցուքաթու» հրատարակչատան համագործակցութեամբ: Գիրքի թարգմանութիւնը ֆրանսերէնէ յունարէնի կատարած է Սարգիս Աղապատեանը (գրութեանց մշակում՝ Ռազմիկ Աղապատեանի) եւ թեքնիք վերամշակումը Մայք Չիլինկիրեանը: Գիրքը տպագրուած է Մուղիաքաքոս տպարանէն, 144 էջերով:








All the contents on this site are copyrighted ©.