2012-04-04 14:51:14

՜՜Հաղորդակցութեան՝՝ մասին Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց Յատուկ Ուսումնաժողով ։


Վատիկանի մէջ` 2010-ի հոկտեմբերին գումարուած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սիւնհոդոսէն ու յետ սիւնհոդոսական յատուկ հաւաքներէն ետք, յառաջիկայ 2012 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուլիք Նոր Աւետարանութեան մասին սիւնհոդոսի հեռանկարով, Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդը Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու համար, կազմակերպած է՝ ՜՜Հաղորդակցութեան՝՝ մասին յատուկ ուսումնաժողով մը՝, որ ունի որպէս բնանիւթ. Միջին Արեւելքի մէջ ՜՜ հաղորդակցութիւնը՝՝ որպէս Աւետարանացումի, Երկխօսութեան եւ Խաղաղութեան Միջոց ։"
Ուսումնաժողովին նպատակակէտն է. խորհրդածել եւ զրուցել հաղորդակցութեանց բնագաւառէն ներս մասնագէտներուն հետ, գնահատելու համար Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ իրավիճակը, եւ ծրագրելու ներկայ ընկերութեան աւելի յարմար ապագայ մը։
Ուսումնաժողովին մասնակցողները պիտի ջանան գտնել յարմար եւ դրական կերպը ներկայ ժամանակի մշակութային մարտահրաւէրներուն։ Առ այդ կարեւոր կը համարուի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներն ու ծէսերը ՜՜ ներկայացնող անձերու մասնկացութիւնը՝՝։

Քահանայապետական Խորհուրդը կը թելադրէ որ այս սեմինարին մասնակցին պատրիարքներ ու եպիսկոպոսներ որոնք պատասխանատուութիւնը ունին ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներուն, ինչպէս նաեւ՝ հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս գործող քահանաներ եւ աշխարհականներ։

Ուսումնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հարիսայի մէջ Լիբանանի Տիրամօր Պէթանի օթեւանը 17-20 ապրիլ. ներկայութեամբ՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Չելիի՝ նախագահը Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական Խորհուրդին։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ սեմինարին կը մասնակցին. հինգ առաջնորդներ, մէկ վարդապետ եւ մէկ աշխարհական. Արհիապատիւ Տիարք՝ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեան, Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսան եւ Գերապայծառ Յովսէփ Թ.Ծ.Վրդ. Քելեկեան, գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տիար Ռոպէր Աթթարեան։ Ուսումնաժողովին իր մասնկացութիւնը կը բերէ նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսես Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք։








All the contents on this site are copyrighted ©.