Պուլկարիոյ Վարչապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հայաստանի Մէջ։ Կիպրոսի
Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Հայաստան Կը Ժամանէ։
Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 2 Ապրիլին պաշտօնական
այցելութեամբ հասած է Երեւան եւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ընդունուած է Հայաստանի վարչապետ
Տիգրան Սարգսեանի կողմէ: Պորիսովի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պուլկարիոյ
փոխադրամիջոցներու նախարար Իվայլօ Մոսքովսքին եւ աշխատանքի հարցերով նախարար Թոթիւ Մլատենովը,
ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց փոխնախարար Իվան Նայտենովը: Նախատեսուած է, որ Պուլկարիոյ
վարչապետը Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ
Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային Ժողովի Նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի եւ Ամենայն հայոց Գարեգին
Բ. կաթողիկոսին հետ: Իսկ Կիպրոսի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս
3 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ կը հասնի Հայաստան։ Հայաստանի Հանրապետութեան
եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992ին:
Երկու երկիրներուն միջեւ կան ստորագրուած տասնեակէ աւելի համաձայնագիրներ: Հայաստանի
եւ Կիպրոսի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2011 թուականին կազմած է շուրջ 5 միլիոն տոլար: