Ուրբաթ, 30 մարտին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան Ֆրիմոնթի մէջ իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ
բանաստեղծ եւ թատերագիր Զարեհ Մելքոնեան: Զարեհ Մելքոնեան ծնած է Հալէպ` 1922-ին:
Աւարտելէ ետք Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը`
երկար տարիներ կը նուիրուի կրթական ասպարէզին` իբրեւ հայոց լեզուի եւ քերականութեան ուսուցիչ: Մելքոնեան
1956-էն 1964 կը խմբագրէ Թէքէեան մշակութային միութեան «Շիրակ» գրական ամսաթերթը: Ունի
քերթուածներու տասներկու հաւաքածոներ` առաջինը 1943-ին` «Ես եւ մարդիկ» խորագիրով, իսկ
վերջինը` «Մորմոքը` տարբաղադրուող երազներուն» (2011): Ան հեղինակ է նաեւ տասներեք թատերական
գործերու, գրադատական եւ յուշագրական էջերու: Զարեհ Մելքոնեան մանկավարժական մարզին
մէջ ծանօթ կը մնայ իր հեղինակած քերականութեան յայտնի դասագիրքերով: