2012-04-03 12:17:08

ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՝ Եւրոպայի Ախոյեան։


WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր Վիլշեւսքին:
Այս ճակատումը կայացաւ ակնկալուածէն շատ աւելի «տաք» մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ որ լեհ կռփամարտիկը շատ վարպետօրէն կը խուսափէր Արթուր Աբրահամի հարուածներէն:
Սակայն 12րդ ռաունտէն ետք, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Աբրահամին՝ 118-109, 118-109 եւ 119-108 արդիւնքով: Այսպիսով, Աբրահամ հանդիսացաւ WBO-ի Եւրոպայի ախոյեան:
«Սա ինձ համար, իսկապէս, ծանր մենամարտ էր: Սակայն, ինձ հարկաւոր են նման մարտեր, քանի որ, ամենայն հաւանականութեամբ, իմ յաջորդ մենամարտը կարող է լինել աշխարհի չեմպիոնի կոչման համար», ըսած է Աբրահամ՝ գերմանական պատկերասփիւռի կայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Աբրահամ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր համակիրներուն՝ անոնց աջակցութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.