Ասսիզիի Սրբուհի Պայծառի Դարձի գալու 800րդ տարեդարձի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը
գիր մը ուղղած է Ասսիզիի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Տոմէնիքօ Սորրէնթինոյի որուն մէջ զգուշացուցած
է երիտասարդները << թմրանիւթերուն եւ անսանծ ցանկասիրութիւններու արհեստական դրախտավայրերէն>>։
Անցեալ 31 մարտի ժամասացութեան աղօթքի ընթացքին կարդացուած Սրբազան Քահանայպետի
պատգամը կը հրաւիրէ երիտասարդները ունեանլու որպէս օրինակ Ասիզիի Սուրբ ֆրանչէսկոսն ու
Սրբուհի Պայծառը որոնք տիպարներ են համայն երիտասարդներուն համար։