2012-04-03 11:19:45

2012-ի Ճանապարհ Խաչի 14 Կայաններու Խորհրդածութիւնները Պատրաստուած Աշխարհական Զոյգի մը կողմէ։


Ընտանիքի Չարչարաքնը։

Յառաջիկայ 6 ապրիլին Հռմի Գոլոսսէումի երկհազարամեայ Անփիթատրոնի մէջ կայանալիք աւանդական ճանապարհ խաչի արարողութեան 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստուած են ֆոգոլարի Շարժումի անդամ Իտալացի Տանիլօ եւ Աննա Մարիա Ծանծուքքի` զոյգի ջանքերով։ Խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթն է չարչարանքը ընտանեկան կեանքէն ներս։ Տէր եւ Տիկին Տանիլօ եւ Աննա Մարիա Ծանծուքքի կ՛անդրադառնան նաեւ <<ներկայի մարտիրոսներու>> մասին, եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներու պատճառաւ։

Նշենք որ խորհրդածութիւններու գլխաւոր նիւթն է ՜՜Ընտանիքը որպէս նախապատրաստութիւն Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին՝՝. Հաւաքը որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս 30- մինչեւ 3 յունիս Միլանօ քաղաքին մէջ։

Ընտանիքն ալ եթէ կ՛ուզէ հետեւիլ Յիսուսին պիտի ունենայ իր խաչերը։ Սակայն իր նայուածքը Քրիստոսի յարելով տարբեր ձեւով պիտի դիմագրաւէ կեանքը - Կը գրեն Ծանծուքքի զոյգը։ 14 կայաններու խորհրդածութեան մէջ ներփակուած են զոյգերու եւ ընտանեկան կեանքի ապրած դժուարութիւնները <<դաւաճանութիւն, անհասկացողութիւն, վիժում, հիւանդութիւն, զաւակներու դաստիարակութիւն>>։

Ես ալ պատճառ եղայ քու չարչարանքիդ։ Մենք ալ որպէս ընտանիք...ամէն անագամ որ զիրար չի սիրեցինք, երբ զիրար ամբաստանեցինք, երբ իրարու չի ներեցինք, եւ երբ չուզեցինք դարձեալ հաշտուիլ ու զիրար սիրել։

7րդ կայանի խորհրդածութիւնը կը շեշտէ Քրիստոսը տեսնելու մեր եղբայրակիցներուն մէջ եւ կը հրաւիրէ աւելի յանձնառութեամբ աշխատելու անարդարութիւններու` ու չարին դէմ ու անտարբեր չմնալու ուրիշներու կարիքի դիմաց։ Ապա խորհրդածութիւնները կ՛անդրադառնան Յիսուսի ամենամեծ ուսուցուման մասին։ Սերէն մղուած կեանքի նուիրումը։ Իսկ վերջին կայանին մէջ Քրիստոնեային առջեւ կը բացուին յոյսի դռները. Յիսուս մեռաւ բայց Յարութիւն առաւ, ան միշր կ՛ապրի ու մեզի կ՛ընկերանայ մեր երկրային ուղեւորութեան ընթացքին ըլլայ ուրախութեան ըլլայ վիշտի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.