2012-04-02 13:06:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Մատրիտի Թեմի Երիտասարդներուն Հետ Հանդիպում


RealAudioMP3 Երկուշաբթի 2 ապրիլ 2012 կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մատրիտի Թեմէն 5000 երիտասարդներու խումբ մը որ ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբազան Քահանայապետին անցեալ 2011-ի օգոստոսին երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ Սպանիա կատարած այցելութեան համար։

Հանդիպումի սկիզբը խօսք առաւ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րոուգոն որ` յանուն Մատրիտի թեմին ու երիտասարդութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Քահանայապետին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր արտասանած ճառին մէջ ողջույնի խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց հիւրնկալելու զիրենք Վատիկանի մէջ։ Սրբազան Հայրը ապա յատուկէն շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնց միջոցաւ կարելի եղած էր նշել Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարդային Քսան Վեցերորդ օրը։

Երբ միտքս կու գան այն օրերը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - սիրտս երախտագիտութեամբ կը լեցուի Աստուծոյ հանդէպ իր պարգեւած շնորհքին համար, այդ անմոռանալի օրերը ձեր հետ ապրելու ։
Սիրելի բարեկամներ այդ հանդիպումի շքեղութիւնը կարելի է ըմբռնել Սուրբ Հոգիի ներկայութեամբ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ան, ինչպէս Պենտեկոստէի օրը, կը շարունակէ կեանք տալ սրտերուն ու վկայել Աստուծոյ հրաշալիքներու մասին։ Դուք կանչուած էք առանց վերապահութեան համագործակցելու որով Քրիստոս պէտք ունի ձեր ձեռքերուն կառուցելու համար Իր Սիրոյ Արքայութիւնը։ Եւ այս կարելի կ՛ըլլայ երբ դուք զայն կ՛ընտրէք որպէս լաւագոյն բարեկամ եւ Անոր աւետարանին հաւատարմութիւն կը խոստանաք ։

Սիրելի երիտասարդներ դուք ալ` նման առաքեալներուն, յաղորդելու էք Քրիստոսը ձեր բարեկամներուն, ձեր ծանօթներուն, ձեր աշխատանքի կամ ուսման միջավայրէն ներս, աղքատներուն եւ հիւանդներուն։ Նոյնիքն Քրիստոսն է որ ձեցի պիտի տայ ուժը խօսելու Իր սիրոյ մասին։ Ձեր կարգին անհրաժեշտ է որ դուք ունկնդրէք անոր խօսքերը ու անոր հետ սերտ բարեկամական կապ հսատատէք։

Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ անդրադարձաւ աւագ շաբթուայ մասին որ սկիզբ առաւ ծաղկազարդի արարողութեամբ եւ որուն ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - հետեւելու ենք Քրիստոսի հետքերուն։ Խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը ակնարկեց Րիօ Տէ Ժանէյրօյի մէջ 2013-ին նշուելիք Երիտասարդներու համաշխարդային օրուան` որ - ըսաւ Ան - Յարուցեալ Քրիստոսի նոր ուրախալի փորձառութիւն մը կը հանդիսանայ որ բոլոր մարդոց կը փոխանցէ Աստուծոյ կեանքի Լոյսը։

Սուրբ կոյս մարիամը որ լռութեամբ մնաց իր որդւոյն խաչին ոտքը եւ համբերութեամբ սպասեց անոր խոստումներուն կատարումին ձեզի համար ալ ըլլայ ողորմութեան Մայր, կեանք, քաղցրութիւն եւ յոյս։

Հազար շնորհակալութիուն ձեր ուրախալի ներկայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.