2012-04-02 13:06:38

Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ Քահանայապետական Մարմինը 100 Հազար Ամերիկեան Տոլար կը Տրամադրէ Սուրիոյ Տեղական Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Գործունէութիւններուն։


Անցեալ 31 մարտին Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ Քահանայապետկան Խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ճամբէէթրօ Տէլ Թոզոն, յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին, Սուրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնեց 100 հազար տոլարի գումար մը որպէս օժանդակութիւն տեղական եկեղեցւոյ բարեսիրական գործունէութիւններուն ի սպաս Սուրիացի ժողովուրդին նա մանաւանդ Սուրիոյ Հալէպ եւ Հոմս քաղաքաներուն։
Ի տես վերջին շրջանի Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալից կացութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յաճախակիօրէն կոչ ուղղած էր դադրեցնելու համար խռովութիւններն ու ուժգնութիւնները ու բանակցական երկխօսութեան դիմելու, փնտռելով հաշտութիւնն ու հասարակաց բարիքը ի սպաս խաղաղութեան։ Այս նախաձեռնութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ուզեց աւելիով յայտնել իր մօտիկութիւնը տարապող բնակչութեան ։

Նշենք որ Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ - Քահանայապետական բարեսիրական մարմինը հաստատուած է Պօղոս Զ.ի օրով 15 յուլիս 1971ին՝ եւ անոր նպատակն է արտայայտել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը հանդէպ չքաւորներուն, նպաստել մարդկային եղբայրսիրութեան ու յայտնել Քրիստոսի ողորմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.